Խունկ Ու Աղօթք Յիշատակիդ
ՎԱՐՍԵՆԻԿ ՊԱՂՊՈՒՏԱՐԵԱՆ
Կարծես դեռ երէկ էր մեր գերդաստանին վերջին սիւնը, այո, վերջին սիւնը՝ Նուարդ մօրաքոյրը, յաւիտեան հեռացաւ մեզմէ դէպի անդենական, սուգի մատնելով բոլոր հարազատները, ՀՕՄի ընկերուհիները եւ բարեկամները։ Սակայն անջրպետը ուրախացաւ, որովհետեւ գեղեցիկ աստղ մըն ալ կու գար միանալու միւսներուն, իսկ սգակիրներս հաւաքուած ենք յիշատակը յարգելու։
Մօրաքոյր ճան, արդեօք երկինքէն վար կը նայի՞ս ու մեզ կը դիտե՞ս հիմա։ Կը յիշեմ, քանի մը տարի առաջ կարդացած քերթուածս Թլկատինցիէն, ուր հարց կու տայ մօրը ու կ՛ըսէ. «Ըսէ ինծի, ի՞նչ կայ», հիմա ես նոյնը կ՛ըսեմ. «Ըսէ, մօրաքոյր, ի՞նչ կայ հոն, գիտեմ որ ցաւ չկայ, բայց արդեօք հանդիպեցա՞ր ամուսնոյդ, քոյրերուդ եւ զաւակներուդ, եղբայրներուդ, խնամիներուդ, ՀՕՄի ընկերուհիներուդ, Ազգային Միացեալ վարժարանի հիմնադիրներուն, զորս կը պաշտէիր։ Արդեօք անոնք քեզ դիմաւորեցի՞ն այնպէս, ինչպէս կը վայելէ քեզի։ Հրեշտակները արդեօք հոն քեզ գրկեցին եւ դրի՞ն պատուաւոր ամպիոնի վրայ։ Ինչպէ՞ս էր ճամբորդութիւնդ դէպի անդենական, ի՞նչ կար հոն, ըսէ, մօրաքոյր ճան։
Գիտեմ, ֆիզիքապէս չկաս դուն, բայց կը մնաս մեր սիրտին մէջ։ Գիտեմ, որ օր մը պիտի հանդիպինք, բայց մինչ այդ, մօրաքոյր, հիմա հանգստանալուդ պահն է, եւ մենք անունդ բարձր պահելու համար վառած ջահդ պիտի վառ պահենք, զաւակներդ ու թոռներդ կը շարունակեն քու սկսածը, եւ յիշատակովդ կ՛ապրինք ու կը զօրանանք։
Մօրաքոյր ճան, թող այս տողերը ծաղիկ ու խունկ ըլլան շիրիմիդ, թող այս տողերը ըլլան մեր որդիական երախտիքը երկար տարիներու զոհաբերուած կեանքիդ։
Իսկ հիմա կը խնդրեմ, որ դուն ալ մեզ չմոռնաս ու միշտ նայիս վերեւէն ու ըսես. «Առողջ ապրեցէք, վանեցէք ատելութիւնը, յարգեցէք ու սիրեցէք զիրար, համերաշխութիւն, համերաշխութիւն»։ Ու մենք ծնկաչոք կ՛աղօթենք ու կը խոնարհինք յիշատակիդ առջեւ։