ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ 21 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը:
Ապա, Իրանի նախագահը առանձնազրոյց ունեցած է Հայաստանի նախագահին հետ, որմէ ետք կայացած է Սերժ Սարգսեանի եւ Հասան Ռոհանիի հանդիպումը ընդլայնուած կազմով՝ երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:
Հայ–իրանեան բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին ստորագրուած են տարբեր ոլորտներու վերաբերող երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերող փաստաթուղթեր՝ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան, արտակարգ իրավիճակներու, տնտեսական զար-գացման եւ ներդրումներու, մշակութային ժառանգութեան նախարարութիւններուն միջեւ, նաեւ՝ ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան միջեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան եւ այլն։
Անկէ ետք կայացած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի միացեալ մամլոյ ասուլիսը։
Նախագահ Ռոհանի դիտել տուած է, որ Հայաստանը եւ Իրանը կրնան մաս կազմել Պարսից ծոց–Սեւ ծով փոխադրութեան միջանցքին: «Կարելի է ինքնաշարժով եւ երկաթուղիով իրարու կապել Սեւ ծովը եւ Պարսից ծոցը, ինչ որ մեր տարածաշրջանին, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական գործունէութեան համար նպաստաւոր պայմաններ պիտի ստեղծէ»։ Իրանի նախագահին համաձայն՝ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած են ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ, երկու ժողովուրդները դարեր եւ հազարամեակներ ապրած եւ գոյակցած են իրարու կողքին եւ մաս կազմած են նոյն քաղաքակրթական միջավայրին:
«Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները ունին մեծ ներուժ, սակայն անոր միայն մէկ մասը ցարդ օգտագործուած է, իսկ մնացած մասը պէտք է լիովին օգտագործուի յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն: Մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք ուժանիւթի բնագաւառին մէջ եւ բանակցութիւններուն ընթացքին պայմանաւորուեցանք ալ աւելի զարգացնել այդ յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս՝ կազի արտածման ծաւալներու յաւելման, Թուրքմէնիստանէն Իրանի տարածքով կազի տարանցման, ելեկտրականութեան մատակարարման ուղղութիւններով: Մենք պէտք է շարունակենք եւ աւարտին հասցնենք Հայաստան–Իրան ելեկտրահաղորդակցութեան երրորդ գիծի շինարարութիւնը», յայտնած է Ռոհանի՝ աւելցնելով, որ քննարկած են նաեւ բնապահպանութեան ոլորտին վերաբերող հարցեր, կարեւոր նկատուած է Արաքս գետի աղտոտման հարցի կարգաւորումը, քանի որ այդ գետը մեր տարածաշրջանի հարստութիւնն է:
«Պայմանաւորուեցինք ընդլայնել առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները, նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել երկու երկիրներու գործարարներուն եւ ներդրողներուն համար։ Մենք ունինք արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւն նաեւ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ», նկատել տուած է Ռոհանին՝ աւելցնելով, որ հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է յատկապէս դրամատնային ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
«Մենք անդրադարձանք նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն: Հայաստան եւ Ատրպէյճան մեզի համար դրացի եւ բարեկամ երկիրներ են, եւ մենք կը փափաքինք, որ Ղարաբաղի մէջ ականատեսը ըլլանք քաղաքական եւ բանակցային ուղիով կայուն խաղաղութեան հաստատման, քանի որ անիկա կը բխի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն շահերէն: Անտարակոյս, կայուն խաղաղութեան կարելի չէ հասնիլ ռազմական ուղիով եւ պէտք է բանակցութիւններու միջոցով, միջազգային եզրերուն համաձայն, հասնինք տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկեցինք ահաբեկչութեան թեման, քանի որ անիկա կը վերաբերի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն: Բարեբախտաբար, մեր երկու երկիրներուն մէջ ալ անվտանգութիւնը կը գտնուի բաւարար եւ լիարժէք մակարդակի վրայ, բայց, այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է բազմակողմանի համագործակցութեամբ ջանքեր գործադրենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջնականապէս յաղթահարել այդ խնդիրը», ըսած է Ռոհանի՝ շեշտելով, որ անդրադարձած են նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակին, քանի որ այդ երկիրները կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ, եւ պէտք է աջակցութիւն ցուցաբերել այդ երկիրներու ահաբեկիչներուն դէմ պայքարին մէջ:
Հայաստանի նախագահը, իր կարգին, լուսարձակի տակ առած է երկու երկիրներուն միջեւ առկայ սերտ ու դարաւոր յարաբերութիւնները։
«Մենք այսօր համակարգային եւ բովանդակային քննարկումներ ունեցանք երկկողմ օրակարգի ամենատարբեր հարցերի շուրջ: Մենք վերահաստատել ենք համատեղ ծրագրերի իրականացմանն ուղղուած մեր յանձնառութիւնը, կարեւորեցինք քաղաքական խորհրդատուութիւնների պարբերական անցկացումը, քննարկեցինք տնտեսական, էներգետիկայի, տրանսպորտի, գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի, գործարար շրջանակների միջեւ կապերի խթանման հետ կապուած հարցեր», ըսած է նախագահ Սարգսեան։
Ան աւելցուցած է, որ անդրադարձ կատարուած է տնտեսական համագործակցութեան հայ–իրանեան միջկառավարական յանձնաժողովի 14րդ նիստին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին: «Ես իմ գործընկերոջը խորին երախտագիտութիւն յայտնեցի հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Իրանի ընդգծուած յարգանքի եւ հոգածութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի հայ համայնքի հանդէպ աւանդական հոգատար վերաբերմունքի համար», շեշտած է Սարգսեան: Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան իբրեւ արդիւնք պիտի շարունակուի իրականացնել կազի եւ ելեկտրականութեան փոխանակումը: «Ելնելով նշուած փոխանակման արդիւնքում Հայաստանում էներգակիրների անհրաժեշտ չափաքանակի ապահովման նկատառումներից եւ Երեւանում կայացած քառակողմ բանակցութիւնների արդիւնքում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններից՝ անդրադարձանք Իրան–Հայաստան-Վրաստան–Ռուսաստան էներգետիկ միջանցքի գործարկմանը: Մտքեր ենք փոխանակել Պարսից ծոց–Սեւ ծով միջազգային տրանսպորտային եւ տարանցիկ միջանցք ստեղծելու ծրագրերի շուրջ, որի իրականացմամբ կը դիւրացուի բեռների միջազգային փոխադրումը, հնարաւորութիւն կը տրուի նուազագոյն տրանսպորտային ծախսերով իրանական ապրանքներին մուտք գործել եւրոպական շուկայ, ինչպէս նաեւ ներգրաւելու բեռների տարանցում այլ երկրներից: Սա ոչ միայն իրանական տրանսպորտի համար ամենակարճ եւ անվտանգ անցումը կը լինի Հայաստանով, այլ շատ լուրջ խթան կը հանդիսանայ մեր երկրների միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալների աճի համար», հաստատած է նախագահ Սարգսեան։
«Կողմերը մտքեր են փոխանակել նաեւ տարածաշրջանային ինտէգրացիոն գործընթացների շուրջ՝ կարեւորելով համագործակցութեան այն հնարաւորութիւնները, որոնք ընձեռում է Եւրասիական տնտեսական միութեանը Հայաստանի անդամակցութիւնը: Շարունակւում են աշխատանքները երկու երկրների տնտեսվարողների համար բիզնես գործունէութեան միջավայրը եւ ներդրումային կանոնակարգումները բարելաւելու ուղղութեամբ: Այս համատեքստում ցանկանում եմ յատուկ ընդգծել մեր երկրների քաղաքացների համար մուտքի արտօնագրերի վերացման կարեւորութիւնը: Վստահ եմ, որ մեր երկրների միջեւ փոխճանաչելիութեան բարձրացումը կնպաստի նաեւ առեւտրատնտեսական կապերի խորացմանը», դիտել տուած է նախագահ Սարգսեան։
Անոր համաձայն՝ քննարկուած է նաեւ իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ իրավիճակի կարգաւորմանն ուղղուած միջազգային ջանքերը:
Հայաստանի նախագահը լուսարձակի տակ առած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման գործընթացին մէջ յառաջընթացի ապահովման ուղղուած Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահ երկիրներուն ջանքերուն, Ապրիլին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքներու վերացման ուղղուած Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մասին զրոյցը: «Մենք շատ բարձր ենք գնահատում միջազգային իրաւունքի հիման վրայ ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը: Մենք վերահաստատեցինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը չի կարող ունենալ ռազմական լուծում եւ շեշտեցինք տարածաշրջանում իրավիճակի լարուածութեան եւ անկայունութեան տարածմանն ուղղուած ցանկացած քայլի անթոյլատրելիութիւնը: Իմ գործընկերոջ հետ պայմանաւորուեցինք շարունակել ամենաբարձր մակարդակով շփումների այս բարի աւանդոյթը», եզրափակած է նախագահ Սարգսեան: