ԵՐԵՒԱՆ.– Զբաղուածութեան պետական գործակալութեան զբաղուածութեան կեդրոններուն մէջ 1 Դեկտեմբեր 2016ի դրութեամբ արձանագրուած է 95,800 քաղաքացիներ, որոնց 80,800ը անգործ են: Գործակալութեան պետ Արտակ Մանգասարեանի համաձայն՝ արձանագրուած անգործներուն թիւը աւելցած է 5.6 տոկոսով: Տարուան ընթացքին 2519 գործատուի կողմէ ներկայացուած է 7647 թափուր աշխատատեղ, աշխատանք դասաւորուած է 16,592 մարդու: Առաւել պահանջուած են նախնական եւ միջին մասնագիտական կրթութեամբ մասնագէտները, դեղագէտները, ելեւմուտքի եւ առեւտուրի բնագաւառի մասնագէտները, խոհարարները, հացթուխները, վարսայարդարները, դերձակները, մատուցողները:
«Զբաղուածութեան պետական գործակալութիւն ներկայացուած թափուր աշխատատեղերի աշխատավարձերը 80-130 հազար դրամի սահմանն է, լինում են նաեւ բարձր վարձատրուող աշխատատեղեր, սակայն դրանք այնքան չեն, որ ազդեցութիւն ունենան միջին ցուցանիշի վրայ: Օրինակ, կայ նաեւ 380 հազար դրամ աշխատավարձով աշխատատեղ, դա կռունկավարի աշխատավարձն է եղել», ըսած է Արտակ Մանգասարեան։
Ա. Մանգասարեանի համաձայն՝ գործակալութեան մէջ արձանագրուած է նաեւ 550 սուրիահայ, որոնցմէ 120ը արդէն աշխատանք գտած է: «Կան գործատուներ, որ հէնց սիրիահայերի են ուզում աշխատանքի ընդունել, քանի որ նրանց մասնագիտական որակները բաւական բարձր են»: