ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ Շաբաթ օր, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Հայ Ազգային Կոնգրես կուսակցութեան համագումարին ընթացքին ներկայացուց իր ղեկավարած քաղաքական ուժին տեսակէտները՝ յատկապէս կեդրոնանալով Արցախի հարցին վրայ:
Տէր Պետրոսեան, պահելով իր սկզբունքային դիրքը, կրկնեց իր համոզումը՝ Արցախի հարցով փոխզիջումի պարտադրանքին հետ հաշուի նստելու եւ յանուն Հայաստանի ապագային, յանուն երկրի տնտեսական սուր խնդիրներու լուծման՝ հրաժարելու «ոչ մէկ թիզեան» կամ «պանքօթոմանական» մտայնութենէն:
Տէր Պետրոսեանի ելոյթը կարելի էր անտեսել եւ վստահիլ մեր ժողովուրդի առողջ բանականութեան վրայ, որ պիտի մերժէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Հայ Ազգային Կոնգրեսին զօրակցիլ, պիտի մերժէ անոր պարտուողական կեցուածքը:
Այսուհանդերձ, կարելի չէ անտեսել Տէր Պետրոսեանի սուր հեգնանքն ու քննադատութիւնները, որոնք կը հարուածեն հայրենասիրական ճակատի քաղաքական գիծի հետեւորդներուն անկեղծութիւնը՝ Արցախի հարցին համար հայկական ազգային շահերու դիտանկիւնէն լուծում մը ապահովելու վճռականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելով:
Չենք կրնար չհամաձայնիլ, որ Արցախի եւ Հայաստանի հզօրացումն ու բարգաւաճումը պահանջողներս, երազողներս, պարտաւոր էինք քաղաքական գործունէութեան այնպիսի՛ մակարդակ մը ցոյց տալ, որ կարենայինք մեր երկրի զարգացումը կենսագործել ի հեճուկս Ատրպէյճանին, ի հեճուկս թրքական շրջապատման:
Տէր Պետրոսեանի այս խոցող սլաքէն կարելի չէ խուսափիլ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ գործող բոլոր քաղաքական ուժերը, իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, պատասխանատու են մեր պետութեան ներկայ վիճակին համար:
Այդ սլաքը պարտինք ջարդել՝ կաշառակերութեան, անարդարութեան, պաշտօնական դիրքի չարաշահումին դէմ պայքար տանելով, նոյն բո՛ւռն կիրքով, որքան՝ Արցախի հողերու պաշտպանութեան համար քաղաքական ու ռազմական ճակատումը:
Ապրիսշ Աբօ Ճան:
Ապրի’ս, Աբօ Ճան: