ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն մը կայացած է՝ իսրայէլեան «Երկաթէ գմբէթ» հակահրթիռային համակարգի վաճառքին շուրջ. այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Եաւեր Ճամալով: Տեղեկութիւնը հաստատած է նաեւ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ»ը՝ շեշտելով, որ համակարգը գնելու Պաքուի շահագրգռուածութիւնը «կը ծագի վերջերս Հայաստանի կողմէ «Իսքանտեր» հրթիռային համակարգի ձեռք բերումէն»:
Իսրայէլեան թերթը աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճան պիտի հանդիսանայ այս զինատեսակը Իսրայէլէն գնող առաջին երկիրը:
Սեպտեմբեր 21ին, Հայաստանի անկախութեան 25ամեակին նուիրուած ռազմական շքերթին ընթացքին «Իսքանտեր» համալիրներու ցուցադրութենէն որոշ ժամանակ անց, ատրպէյճանցի պատգամաւորներ «Երկաթէ գմբէթ»ը գնելու կոչեր կատարած էին։ Արձագանգելով այս կոչերուն՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած էր. «Անհնար է, որ նման համակարգ յայտնուի Ատրպէյճանում, եւ անգամ յայտնուելու դէպքում՝ ոչի՛նչ անել չի կարող»: