ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Թէեւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ի առաւօտը ամպոտ էր եւ քիչ մը ցուրտ, սակայն Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները Ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօներու պայծառութեամբ եւ ջերմութեամբ համակեցին Ազգային առաջնորդարանի յարկը՝ իրենց երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով, փարատելով դուրսի աշխարհի ներգործութիւնը:
Տարիներու աւանդութիւն է, որ ազգային վարժարաններու աշակերտներ տօնական այս օրերուն առաջնորդարան այցելեն, եւ գեղարուեստական արտայայտութիւններով շնորհաւորանք մատուցելով՝ ստանան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը: Այս տարի, Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի աշակերտները բացումը կատարեցին տօնական եղանակին: Արդարեւ, չորրորդէն եօթներորդ կարգի աշակերտներ, առաջնորդութեամբ տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանի եւ ուսուցիչներու, առաջնորդարան ժամանեցին եւ դիմաւորուեցան սրբազանին կողմէ, որ իր կողքին ունէր Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեանը:
«Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ աղօթքի պահէ մը ետք, բոլորը անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր իրագործուեցաւ աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը:
Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց վերին կարգի աշակերտներէն Ալեքս Մանուկեան: Ան վարժարանի տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց առաջնորդին եւ տէր հօր, ապա կանգ առաւ աւանդական այս այցելութեան իմաստին վրայ՝ նշելով, որ Սփիւռքի մէջ հասակ առնող սերունդներ կարիքը ունին առաջնորդող ձեռքերու:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Ս. Ծննդեան տօնին յատուկ շարականներով ու երգերով, զորս կատարեցին աշակերտները, դաշնակի ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Անահիտ Խաչիկեանի:
Յայտագիրը զարգացաւ պարերով, արտասանութիւններով ու երգերով, ինչպէս նաեւ բարեմաղթութիւններով: Յայտագիրի աւարտին, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց սրբազանը, որ յանուն վարժարանին՝ տնօրէնին հետ միասին յուշանուէր մը յանձնեց առաջնորդին:
Սրբազանը գոհունակութեամբ ողջունեց բոլորը, իր կարգին շնորհաւորեց ներկաները՝ տօնական օրերուն առիթով, եւ մաղթեց, որ անոնք լիցքաւորուին Աստուծոյ շնորհքներով: Առաջնորդը յիշեցուց, որ Յիսուսը ծնաւ համեստ մսուրի մը մէջ, ցուրտ գիշեր մը, սակայն անոր ծնունդով աշխարհը լուսաւորուեցաւ սքանչելի խորհուրդներով, եւ մարդուն կեանքը վերանորոգուեցաւ յոյսով։ «Ամանորը ուրախութեան եւ վերանորոգումի առիթ է բոլորիս համար. եւ եթէ պատահի, որ առօրեայ դժուարութիւններ տխրութիւն պատճառեն մեզի, ապա պէտք է դիմել երէցներուն՝ տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, ու անոնց բացայայտուելով՝ վերագտնել հոգիի խաղաղութիւնը», պատգամեց առաջնորդը եւ յորդորեց բոլորը սիրել զիրար եւ ապրիլ խաղաղ հոգիով: Վերջապէս, ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի աշակերտները եղան Ս. Ծննդեան ու Ամանորեան աւետիսը Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ հնչեցնող առաջին խումբը, եւ օրհնեց բոլորը:
Հանդիպումը վերջ գտաւ աղօթքով, ապա, առաջնորդարանի մուտքին լուսանկարուելէ ետք՝ աշակերտները իբրեւ յուշանուէր ստացան խաչեր: