ՎԱՀԱՆ ՎԱՀԱՆԵԱՆ
Արաբական իմաստուն առած մը կ՛ըսէ. «Կան մարդիկ , որոնք հսկայ են, բայց փոքրակազմ կ՛երեւին, կան մարդիկ ալ, որոնք փոքրակազմ են, բայց հսկայ կ՛երեւին»:
Դէպի յաւիտենականութիւն ճամբայ ելած մեր սիրելի Անթուանը առաջին դասակարգին կը պատկանի, առաւել եւս տուեալներով, որ ան երեւցածէն շատ աւելի մեծ էր, սակայն ան միշտ պահուըտած կը մնար համեստութեան վարագոյրին ետին:
Ընկեր-ընկերութիւն,
Բարեկամ-բարեկամութիւն՝
Մարդկային բեմին վրայ:
Հաւատք, յոյս եւ սէր՝
Հոգեկան բեմին վրայ:
Նաեւ՝
Լայն սիրտով աղօթասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, շեշտուած կերպով համայնքասիրութիւն կը կազմէին մեր Անթուանին բովանդակ էութիւնը:
Այսքանով կրնայի գոհանալ, ձեզի ներկայացնելու համար 65 տարուան անբաժանելի ընկերս: Բայց շատ բան կայ ըսելիք ու պիտի ջանամ բոլորը նշել հետագայ տողերուս մէջ:
Հաւաքուած ենք մեր վերջին հրաժեշտը տալու մեր աննման ընկերոջ եւ բարեկամին՝ Անթուան Գարամանլեանին, հայրը՝ 2 սիրասուն դուստրերու եւ մեծ հայրը՝ 3 թոռներու, որոնք պաշտելու աստիճան կը սիրէին իրենց մեծ հայրը:
– Մահէն չեմ վախնար,- կ՛ըսէր ան յաճախ,- բայց կը սոսկամ սիրելիներէս բաժանումէն:
Այս պահուս Անթուան վերէն կը դիտէ մեզ, մէկ-մէկ աչքէ անցընելով ներկաները, որոնք փութացեր են հոս, վերջին հրաժեշտը տալու իրենց անփոխարինելի բարեկամին, քիթին տակէն գոհունակութեան ժպիտ մը յայտնաբերելով:
– Բարեկամներ,- վերէն կը պատ-գամէ ան,- ես իմ տեղս գտայ, աղօթքներս իրենց արդիւնքը տուին եւ ես այսուհետեւ վերէն պիտի աղօթեմ ձեզի համար:
* * *
Ես Անթուանը ճանչցայ 1954ի Հոկտեմբեր ամսուան մէկ յետմիջօրէին, երբ հոգելոյս Մեսրոպ վրդ. Թերզեանի կողքին (հետագային՝ եպիսկոպոս), մուտք գործեց ան Զմմառու վանքի Ճունիի կղերանոցը, որպէս քահանայութեան թեկնածու:
Օրինակելի ու բարի աշակերտ մըն էր Անթուան: Մենք տարիներ միասին մնացինք: Մենք այնքան մօտ էինք իրարու, որ օր մը մեր նախկին առաջնորդը՝ Մանուէլ եպս. Պաթագեան, գոհունակ ժպիտով մը «Անբաժանելի ընկերներ» կոչեց մեզ:
Յիրաւի, անբաժանելի էինք շատ մը տեսանկիւններէ դիտուած: Առօրեայ աշխատանքի բերումով (23 տարի ան «Նոր Հայաստան»ի մնայուն գրաշարապետն էր), նաեւ՝ որոշ կարեւոր սիւնակներու պատասխանատուն: Կէսօրուան դադարներուն՝ միասին կը ճաշէինք յաճախ, հանդէսներու միասին ներկայ կ՛ըլլայինք, երկար պտոյտները միասին կը կատարէինք: Ընկերս Անթուան ամէն առաջարկիս դրական պատրաստակամութիւն ցոյց կու տար…
Ալ չկա՜յ… Գնա՜ց… Անհունին մէջ տեղ գտաւ… Ալ չի գար…
«Նոր Հայաստան»ի նախկին աշխատակիցներու անունով, նաեւ՝ թղթակիցներու եւ հարազատ բարեկամներու կողմէ այսու կը ներկայացնենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները՝ այրիին՝ Մատլէնին, զաւակներուն եւ թոռներուն, մօրը (Պէյրութ), եղբօրը եւ քրոջը (Պէյրութ), քոյրերուն եւ եղբօր (Լոս Անճելըս) եւ համայն ազգականներուն եւ հարազատներուն:
Թող արդարներու լոյսերուն մէջ շողշողայ անոր մաքրամաքուր հոգին եւ թող մեզի բարեխօս դառնայ ան մինչեւ մեր ալ՝ իրեն միանալը: