ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- «Լուսաւոր Հայաստան», «Հանրապետութիւն» եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնները 2017ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին դաշինքով: Ընդդիմադիր երեք ուժերը յուշագիր ստորագրած են, որուն մէջ ամրագրուած է, որ միացեալ գործունէութեան վերաբերեալ բոլոր, այդ կարգին այլ ուժերու ներգրաւման մասին որոշումները այսուհետեւ պիտի կայացնեն փոխհամաձանութեամբ, նաեւ բանակցութիւններ պիտի սկսին նոր կուսակցութիւն ստեղ-ծելու հարցին շուրջ:
Նոր դաշինքը առայժմ անուանում չունի, բայց առաջինն է, որ կը ստեղծուի 2017ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ: Այս կուսակցութիւններուն ղեկավարներներն են՝ Էդմոն Մարուքեան, Արամ Սարգսեան եւ Սասուն Միքայէլեան։
Յուշագիրին մէջ ամրագրուած է միացեալ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու մասին երեք ուժերուն համաձայնութիւնը:
«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան համար ասիկա, ի դէպ, երրորդ դաշինքն է: Առաջինը «Արդարութիւնն» էր, ապա ՀԱԿի հետ համագործակցութիւնը, հիմա արդէն՝ դաշինքը «Լուսաւոր Հայաստան» ու «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի հետ: Արամ Սարգսեան այս մասին կ՛ըսէ. «Նոր դաշինքը տարբեր է նախորդներէն: Եռեակը ձեւաւորուած է գաղափարական հենքի վրայ»:
Առաւել քան մէկ տարուան քաղաքական կենսագրութիւն ունեցող «Լուսաւոր Հայաստան»ի անունով Էդմոն Մարուքեան նոր գործընկերներուն վստահեցուց՝ ըսելով. «Կը վստահեցնեմ, որ ի դէմ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան՝ ձեռք բերած էք անքննելի, անառարկելի եւ անսակարկելի գործընկեր»:
Լրագրողներ անմիջապէս յիշեցուցին, որ առնուազն երկու ամիս առաջ, Վանաձորի ընտրութիւններուն ընթացքին, «Լուսաւոր Հայաստան»ն ու «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը փոխադարձ մեղադրանքներով կը քննարկէին, թէ ո՛վ իբրեւ ընդդիմադիր՝ աւելի անքննելի ու անսակարկելի է: Արդեօք վերջնականապէս պարզա՞ծ են այդ հարցը: Հարցումին անդրադարձան բանավէճի երկու կողմերը՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Էդմոն Մարուքեան: Փաշինեան ըսած է. «Եթէ մենք դիտարկենք վերջին ամիսներու, եւ նոյնիսկ աւելի երկարաժամկէտ պատմութիւնը, կրնանք ըսել, որ այդ ամէնը, որ տեղի ունեցաւ, հիմքին եւ խորքին մէջ եղած է համագործակցութեան կարելիութիւններու փնտռտուք»: Իսկ Մարուքեան, իր կարգին, յայտնեց. «Մեզի ոչ միայն կը քննադատէին, որ անհաշտ էինք, այլ նաեւ կը քննադատէին, որ չենք միանար: Եւ մենք, վեր բարձրանալով այդ ամէնէն, բնականաբար քննարկելով այդ ամէնը միասին, կը սկսինք նոր՝ շատ կարեւոր ճամբայ մը»:
Դաշինքին մէջ նոր ուժերու ներգրաւումը չեն բացառեր անոնք եւ կը տեղեկացնեն, որ համաձայնութիւն ունին փոխգործակցութեամբ բոլոր որոշումները կայացնելու: Ճիշդ չեն նկատեր ընդդիմադիր այլ ուժերուն նոր դաշինքին հակադրելը՝ վստահեցնելով, որ թիրախը միայն իշխանութիւններն են:
Թէ ո՞վ պիտի գլխաւորէ ընտրական ցուցակը եւ ո՞վ պիտի ըլլայ դաշինքի վարչապետի թեկնածուն, անոնք դեռ չեն գիտեր։