ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին հովանաւորութեամբ, ձեռք բերուած եւ արդիական կերպով վերանորոգուած է ՀՅԴ Ալավերդիի Դաշնակցութեան ակումբ-գրասենեակը:
Գրասենեակի բացման պատիւը տրուած է հրամանատար հերոս դաշնակցական ազատամարտիկներ Կարօտ Մկրտչեանի եւ Վահէ Բաղդասարեանի եղբայրներուն՝ Ղուկաս Մկրտչեանին եւ Հայկ Բաղդասարեանին: ՀՅԴ շարքերը այս առիթով համալրուած են 4 նորագիրներով ալ: