ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Դեկտեմբեր 8ին, ԵԱՀԿի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ծիրէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Համպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ իր պաշտօնակից եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդումով, կողմերը կարծիքներ փոխանակած են կազմակերպութեան գործունէութեան եւ Համպուրկի նախարարական խորհուրդի օրակարգին վերաբերող հարցերուն շուրջ:
Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատած է ԵԱՀԿի գերմանական նախագահութեան աջակցութիւնը՝ Արցախի հիմնախնդիրին բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի պարունակէն ներս, Նալբանդեան Շթայնմայերի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն բանին, որ Պաքու կը շարունակէ հրաժարիլ ստեղծելէն հիմնահարցի հանգուցալուծման նպաստող պայմաններ, որոնց գլխաւորներէն են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գերաստիճաններուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ Ան աւելցուցած է, թէ Պաքու կը շարունակէ սրել իրավիճակը՝ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ շփման գիծին վրայ: