ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Անցեալ շաբթուան ընթացքին լուսարձակներ խլեց այն լուրը, թէ Քալիֆորնիոյ ճարտարագիտութեան հիմնարկի՝ «Քալթեք»ի, գիտնականները ուղղակի կապ մը գտած են որովայնային մանրէներու եւ ուղեղը հարուածող «Փարքինսընզ» հիւանդութեան միջեւ։
Գիւտը, որուն կարելի եղած է հասնիլ մուկերու վրայ փորձերու միջոցաւ, կրնայ արագացնել այս հիւանդութեամբ տառապող աւելի քան մէկ միլիոն ամերիկացիներուն համար դարման մը գտնելու ջանքերը, յատկապէս երբ առողջապահական մարզի մասնագէտներ մտահոգութիւն կը յայտնեն, թէ այս հիւանդութեամբ տառապողներուն թիւը կրնայ զգալիօրէն աճիլ յառաջիկայ տարիներուն։ Յատկանշական է, որ սոյն ուսումնասիրութեան խորհրդատուն է նո՛յն հիմնարկի մանրէաբան Սարգիս Մազմանեան, որ իր կարգին կը յայտնէ, թէ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ կապ մը կը գտնուի որովայնային մանրէներու եւ ուղեղային հիւանդութեանց միջեւ։ Ան կը շեշտէ, թէ այժմ պէտք է յայտնաբերել «Փարքինսընզ» պատճառող մանրէն ու զայն չէզոքացնել, հաւանաբար՝ օգտակար մանրէներու օգտագործումով։