ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նոյեմբեր 30ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ողջակիզման թանգարան-յուշակոթողին մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, ցեղասպանագէտ եւ ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սըմենթա Փաուըր արտայայտուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման մասին։
Նոպէլեան մրցանակակիր եւ Հրէական Ողջակիզումէն վերապրած Էլի Վիզելի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին ժամանակ, խօսելով Վիզելի օրերուն տեղի ունեցած անարդարութիւններուն մասին՝ Փաուըր ըսած է. «Ան ականատես եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին, իր կեանքի օրօք տեղի ունեցած սարսափներուն, ինչպէս՝ Փօլ Փոթը (Քամպոտիոյ ցեղասպանութեան պատասխանատուն), Պոսնիան, Ռուանտան, Տարֆուրը, Սուրիան: Ան տեսաւ այս բոլորը, եւ դեռ աւելի մեծ թիւով մարդիկ անլսելի վայրագութիւններու վկաները կը դառնան, մինչ անտարբերութիւնը կը մնայ աշխարհի մէջ»:
Յիշեցնենք, որ Փաուըր անցեալ տարի մասնակցած էր Նիւ Եորքի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ոգեկոչման միջոցառման։