ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան չէ բացառած այն, որ Դեկտեմբերի սկիզբը, Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ կրնայ հանդիպում մը ունենալ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ, եւ աւելցուցած է. «Տակաւին այդ հանդիպումը հաստատուած չէ»։
Նախօրօք, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները յոյս յայտնած էին, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Համպուրկի մէջ, Դեկտեմբեր 8-9ին կայանալիք ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հաւաքին ընթացքին:
Իսկ անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Վիգէն Սարգսեանի ու Սերկէյ Շոյկուի կողմէ ստորագրուած հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբին մասին պայմանագիրին՝ Նալբանդեան ըսած է. «Դրա վերաբերեալ պաշտպանութեան նախարարը համապատասխան յայտարարութիւն արել է եւ հարցազրոյց է տուել: Կարծեմ այդ պատասխանի մէջ նա մանրամասն անդրադարձել էր այդ հարցին»: