Կիրակի, 20 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութենէն խումբ մը մասնակցեցաւ Թուրքիոյ մէջ գործող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան զօրակցութեան ցոյցի մը:
Ցոյցը կազմակերպուած էր Լիբանանի մէջ գործող քրտական «Նեւրուզ» ընկերային-մշակութային կազմակերպութեան կողմէ:
Ցոյցին մասնակցեցան քրտական տարբեր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններ: Էրտողանի բռնատիրական վարչակարգին դէմ կազմակերպուած ցոյցը սկիզբ առաւ կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Պշարա Խուրի հրապարակէն: Ապա քայլարշաւով մը ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Պէյրութի ՄԱԿի կեդրոն:
ՄԱԿի կեդրոնին դիմաց ցոյցին կազմակերպիչները խօսք առնելով պահանջեցին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անարդարօրէն ձերբակալուած երեսփոխաններու ա-զատ արձակումը, Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու վերահաստատումը:
Նշենք, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կուսակցութեան երեսփոխաններէն է նաեւ Կարօ Փայլան: