ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մէջ աւելցած է անկախութեան կողմնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի միանալ փափաքողներուն թիւը՝ 2015ի տուեալներով 91.7 տոկոսէն այս տարի հասնելով մինչեւ 95.1 տոկոսի: Նշենք նաեւ, որ բնակչութեան հիմնական մտահոգութիւնը կը շարունակէ մնալ ապահովութիւնը:
Հայաստանի եւրոպացի բարեկամները (EuFoA), «Այ.Փի.Էս. Սի.» քաղաքական եւ ընկերաբանական խորհրդատուութիւններու հիմնարկի տնօրէն Յովհաննէս Գրիգորեան 17 Նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ եւրոպացի դիւանագէտներուն, լրագրողներու եւ տարածաշրջանով զբաղող միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու ծանօթացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընկերային–տնտեսական զարգացումներուն, արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հանրային ընկալումներուն, միջազգային ճանաչման եւ հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող խնդիրներու վերաբերեալ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները:
Անիկա կատարուած է Յուլիս 2016ին (ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն քիչ անց)՝ 1081 ընտրանքով, մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջաններուն մէջ։ Հարցախոյզին արդիւնքները համեմատական վերլուծութեան ենթարկուած են «Այ.Փի.Էս.Սի.»ի կողմէ՝ Մարտ 2015ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայացած համանուն հարցախոյզի արդիւնքներուն հետ։
Ստացուած տուեալները կը փաստեն, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան շարքերուն մէջ աւելցած է անկախութեան համախոհներուն թիւը: Այս հարցին մէջ կարեւոր դերակատար է բնակչութեան երիտասարդ եւ կրթուած զանգուածը: Վերջիններս մեծապէս կ՛աջակցին անկախութեան (18–30 տարեկաններու 61.2 տոկոսը անկախութեան կողմնակից է, բարձրագոյն կրթութիւն ստացածներուն 53.6 տոկոսը անկախութեան կողմնակից է):
Պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ կառավարութեան գործունէութեան հանդէպ հանրային դժգոհութիւնը աւելցած է աւելի քան 2 նիշով, միաժամանակ բնակչութեան 78.6 տոկոսը այն կարծիքին է, որ Լեռնային Ղարաբաղը ճիշդ ուղիի վրայ է:
Խաղաղութեան եւ պատերազմի հիմահարցը կը շարունակէ մնալ բնակչութեան մտահոգութեան առաջնային խնդիրը՝ հարցախոյզի մասնակիցներուն կէսէն աւելիին համար: Անգործութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման խնդիրները համապատասխանաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերու վրայ են:
Նշենք, որ բնակչութեան մէջ արտագաղթի միտումները շատ ցած տոկոս կը կազմեն: Վերոնշեալին առնչութեամբ Յովհաննէս Գրիգորեան ըսած է. «Հետաքրքական է, որ արտագաղթի միտումների տոկոսային յարաբերակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան շրջանում ամենացածրն է Հարաւային Կովկասի երկրների հետ համեմատութեամբ: Փաստօրէն, Ղարաբաղի բնակչութիւնը, չնայած ապրիլեան լայնամասշտաբ գործողութիւններին, մտադիր է մնալ երկրում եւ պայքարել անկախութեան համար, ի տարբերութիւն Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ադրբեջանի բնակչութեան, որտեղ նկատւում են արտագաղթի միտումների բարձր տոկոսայնութիւն»:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆրանք Էնկել ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան քաղաքական հասունութեան մակարդակը. ըստ անոր՝ քառօրեայ պատերազմը փոխեց կացութիւնը, բայց ատիկա հիմնաւոր փոփոխութիւն չէր: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը շատ հասուն մօտեցում կը ցուցաբերէ իր դիրքորոշման մէջ, յատկապէս Արցախի հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման առումով: Ըստ անոր՝ հակառակ անոր որ ժողովուրդը նախկինէն աւելի սկսած է քննադատելու իշխանութիւնները, այդուհանդերձ, ուժեղ հաւատարմութիւն կայ երկրին հանդէպ, իսկ իրավիճակի հետագայ հաւանական լարուածութիւնը առաւել եւս կ՛ամրապնդէ այդ հաւատարմութիւնն ու կառչածութիւնը։
Հարցախոյզի արդիւնքերու քննարկման աւարտէն ետք EuFoA–ի տնօրէն Տիոկօ Փինթօ նշած է, որ ուրախ է տեսնելով Ղարաբաղի բնակչութեան վճռականութիւնն ու տոկունութիւնը՝ հակառակ ատրպէյճանական յարձակողականութեան եւ իրավիճակը ապակայունացնելու փորձերուն:
Ըստ վերջինին՝ բաւական շատ են մտահոգութիւնները նման բռնութիւններու կրկնութեան գծով, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կը պայքարի խաղաղութեան համար՝ վստահելով ԵԱՀԿ Մինսկի կարգաւորման գործընթացին եւ միջազգային հանրութեան: «Որպէս Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ, մենք կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան, մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան, յուսախաբ չընելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը: Պէտք է շարունակել ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ՝ ցոյց տալով, որ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք չկայ, եւ զինադադարի նոր խախտումները այլեւս անթոյլատրելի են», յայտնած է Փինթօ:
Նշենք, որ հարցախոյզը կատարած է «Այ.Փի.Էս.Սի.» հիմնարկը՝ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան պատուէրով։