ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարքարեանի հետ ծանօթանալու առիթ ունեցայ Լոս Անճելըս կատարած իր աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, անցեալ տարի:
Կինս՝ Անին, գրադարանավարի իր աշխատանքին բերումով, վաղուց ծանօթ էր Տիգրանին եւ բարձր կարծիք ունէր անոր մասնագիտական հմտութեան ու ազգային նախանձախնդրութեան մասին: Հաւանաբար, այս դրական նախատրամադրուածութիւնս զիս մղեց անմիջապէս գործնական հարցով մը դիմելու Տիգրանին. «Ասպարէզ»ի թուայնացման ծրագիրը:
Ազգային գրադարանը շահագրգռուած է իր շտեմարանին մէջ ունենալու «Ասպարէզ»ի ամբողջական հաւաքածոն, եւ Տիգրանը, իր ղեկավարած կառոյցին հնարաւորութիւններով, «Ասպարէզ»ի թուայնացման գործին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:
Հոկտեմբերին, կազմակերպական պարտականութեամբ Երեւան պիտի երթայի՝ Անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանին հետ: Բաւական դժուար քննարկումներէ ետք, վերջապէս «Ասպարէզ»ի հարցով վերջին խօսքը ըսելու իրաւունքը ունեցող ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն համաձայնեցաւ, որ «Ասպարէզ»ի առաջին տասը տարիներու թիւերը օդանաւով մեզի հետ տանինք Երեւան: Մտահոգութիւնը, անշուշտ, խուսափիլն էր թերթի առաջին տարիներու հազուագիւտ օրինակները վտանգելէ:
Թերթերը ապահով հասան Երեւան: Այնքա՛ն երախտապարտ ենք Սագօ Պէրպէրեանին, որուն Craters and Freighters Los Angeles ընկերութիւնը բացառիկ բծախնդրութեամբ փաթեթաւորեց տասը տարուան հաւաքածոները:
Ազգային գրադարանի տնօրէնի տեղակալ Հայկանուշ Ղազարեանը, քաղաքէն բացակայող տնօրէնին հետ խորհրդակցելէ ետք՝ անմիջապէս կարգադրեց, որ «Ասպարէզ»ի հաւաքածոները PDF ձեւաչափով նկարուելու սկսին:
Երեք օրէն աւարտեցին գործը: Տնօրէն Տիգրան Զարքարեանի հետ հանդիպելու ժամադրութեան գացինք՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ: «Ազդակ»ը իր հաւաքածոներու թուայնացումը կատարելու համար սեփական միջոցներ ստեղծած է արդէն, եւ շուտով, իր ամբողջ ժողովածոն ելեկտրոնային, ու, ամէնէն կարեւորը՝ որոնելու հնարաւորութիւններով օժտուած տարբերակ պիտի ունենայ: Իր այս հնարաւորութեան կապակցութեամբ, «Ազդակ» եւս Ազգային գրադարանին հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց: Այս համագործակցութենէն պիտի օգտուի նաեւ «Ասպարէզ»ը: Արդարեւ, Ազգային գրադարանին նկարած «Ասպարէզ»ները որոնումի հնարաւորութիւններով մատչելի պիտի դառնան՝ օգտագործելով «Ազդակ»ի ծրագիրը:
Ազգային գրադարանի ղեկավարութեան եւ «Ազդակ»ի խմբագրութեան վարքագիծին կարելի՞ է ուրիշ անուն տալ. իսկակա՛ն ու միա՛յն ազգային մտահոգութիւններով շարժող գործիչներ, որոնց նմանները թող շատ ու շատ ըլլան մեր իրականութեան մէջ:
Իսկապէս գովելի է եւ երախտագիտական: Հայ մամուլը մէկ կողմէ կի գանգատի, միւս կողմէ ծախսերու տակ կը մտնէ ընթերցողներուն գոհացում տալու մտահոգութեամբ: Թերթերը պատմութեան գիրքեր են ուր հիմա կրնաս երթալ եւ տասնամեակներ առաջ պատահած դէպքի մը մասին տեղեկութիւն քաղել: Իսկապէս գովելի է: