ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, անգամ մը եւս ականատես եղանք մեր երիտասարդութեան կենսունակութեան:
Արդարեւ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան անդամներ, անցեալ շաբթուան ընթացքին, իրենց տարեկից հայ ուսանողներու եւ երիտասարդներու հետ միասին, յաջողեցան տապալել, ձախողեցնել համալսարանական բեմերը օգտագործելու միջոցով՝ թրքական մերժելի ազգայնականութիւն քարոզող դասախօսութիւններ:
Պէտք է անդրադառնալ, սակայն, որ երիտասարդական այս կազմակերպութեան կենսունակութեան ապացոյցները չեն սահմանափակուիր հրապարակային, ցուցական ձեռնարկներով: Այս տղաքն ու աղջիկները մրջիւնի աշխատանք կը տանին ամբողջ տարուան ընթացքին՝ մեր ազգային կեանքի կարեւորագոյն օղակներէն մէկը հանդիսանալով:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան պայծառ դէմքը կը տեսնենք՝
Մեր կեդրոններէն ներս ազգային դաստիարակչական աշխատանքներու ընդմէջէն,
Համալսարաններէն ներս հայութեան ու հայոց պետականութեան շահերու պաշտպան՝ արթուն պահակի իրենց դրսեւորումներով,
Պահանջատիրական պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ մի՛շտ առաջին գիծի դիրքերը գրաւած,
Իրենց սեփական, Լոս Անճելըսի անտառներուն մէջ գտնուող ՀԵԴ ճամբարի ամառնային բազմաշաբաթեայ դաստիարակչական, հետաքրքրական, ընկերային ծրագիրներու բծախնդիր գործադրումով,
Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի պատանիներուն ամառնային բանակումներ կազմակերպելու նախաձեռնութիւններով,
Ժողովական կեանքով, միջմասնաճիւղային հանդիպումներով եւ բազմաթիւ այլ ձեռնարկներու իրենց մասնակցութեամբ:
Հպարտ ենք մեր երիտասարդներով: Սակայն, մեր գոհունակութիւնը արտայայտելով չենք կրնար սահմանափակել մեր պատասխանատուութիւնը անոնց հանդէպ:
Նախ եւ առաջ, մենք պէտք է մեր կարելին ընենք, որպէսզի անոնք զգան մեր նիւթական եւ բարոյական նեցուկը, մեր քաջալերանքը, որ զիրենք աւելի ինքնավստահ պիտի դարձնէ՝ աւելի մեծ ծրագիրներ նախաձեռնելու ոգեւորութիւն ներշնչելով իրենց:
Ապա, պէտք է սատարենք իրենց ճիգերուն՝ իրենց անդամներու թիւը բազմացնելու ուղղութեամբ: Ազգային, քաղաքացիական առողջ միջավայրը, զոր անոնք կ՛ապահովեն իրենց անդամներուն համար, չի կրնար հրապուրիչ չըլլալ ոեւէ ծնողքի համար, որ մտահոգ է իր զաւակին բարեկեցութեամբ:
Հարիւրաւորները հազարաւորներու վերածելու արշաւէ մը գլխաւոր նպաստաւորուողները մե՛նք կ՛ըլլանք՝ ուժականութեան յաւելեալ ներարկում մը ապահովելով մեր համայնքին ու նոյնի՛սկ մեր ընտանիքներուն: