ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լարուած պայմաններու մէջ ընտրութիւն կատարեցինք: Անձկութեամբ կը սպասենք արդիւնքներուն: Աշխարհը ակնդէտ կը հետեւի նախագահական ընտրութիւններուն: Մենք ալ, մեր կարգին, հակառակ անոր որ իբրեւ Հայ Դատի գնահատականները որդեգրող քաղաքացիներ՝ ոչ ոքի քուէ տալու տրամադրութիւն ունէինք, երկու չարեաց փոքրագոյնի ընտրութիւն մը կատարեցինք:
Գնահատելով ընտրապայքարի հայ համայնքին մասնակցութիւնը՝ հաստատօրէն կրնանք պնդել, որ նախընտրական շրջանի մեծագոյն իրագործումը մեր համայնքէն ներս կատարուած քարոզչական աշխատա՛նքն էր՝ հայկական քուէներու թիւը բարձրացնելու եւ ընտրական մեր խարիսխը ամրացնելու ուղղութեամբ։
Քարոզչութենէն անդին, Հայ Դատի յանձնախումբին կողքին աշխատանքի լծուեցան յատուկ օղակներ՝ «ՀայՎոթս» անուան տակ, որոնք ժրաջանօրէն հայ քաղաքացիներու քուէները արձանագրելու գործին լծուեցան:
Քուէարկութեանց արդիւնքներու քննութիւնը մեզ հնարաւորութիւն պիտի տայ գնահատելու, թէ մեր համայնքի քաղաքական ներկայացուցչութիւնը իր ուսերուն վերցուցած Հայ Դատի յանձնախումբը որքանո՛վ հայ քուէարկողներ շարժելու եւ անոնց կողմնորոշման վրայ ազդելու հնարաւորութիւն ունի:
Ամերիկեան միջավայրը, իր իւրայատուկ կնիքով, ազգային պատկանելութեան եւ անհատական շահագրգռութիւններուն միջեւ հակադրութիւն յառաջացնելուն կրնայ նպաստել: Երեւակայացէք, որ նախագահական ընտրապայքարին ընթացքին, սպանական-լատինական ծագում ունեցող քաղաքացիներուն հանդէպ վիրաւորական արտայայտութիւններ կատարած թեկնածուին կողքին՝ թէեւ նուազ համեմատութեամբ, կանգնեցան նաեւ իրենց անհատական նկատառումները առաջնահերթ նկատող ա՛յդ իսկ փոքրամասնութեան անդամներ:
Մեզի ալ նո՛յնը կրնայ պատահիլ: Մեր ճիգը, սակայն, պիտի ըլլայ այնպիսի՛ յարաբերութիւն ստեղծել հայ քուէարկողներուն հետ, որ վայելենք անոնց ամբողջական վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը, որովհետեւ Հայ Դատը իր թեկնածուները կը ճշդէ՝ միայն ու միայն հայկական շահերու պրիսմակէն գնահատելով զանոնք:
Հրաշալի խմբագրական է, կը շնորհաւորեմ:
Մեզ հնարաւորութիւնն պիտի տայ…Մեզի հնարաւորութիւն պիտի տայ: