ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նոր Տարուան առթիւ «Ասպարէզ»ի բացառիկ թիւ հրատարակելու աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են:
Այս նոր տարին կրնա՞յ խոստմնալից ըլլալ մեր ազգին ու պետութեան համար: Հայաստանի Հանրապետութեան նոր վարչապետը իր աշխատանքի նոր ոճով, երկրի կաթուածահար տնտեսութիւնը ոտքի հանելու, պետական պիւտճէն թալանի ու մսխումի ճամբով չփոշիացնելու եւ զայն նպատակային ծառայեցնելու ամուր յանձնառութիւն կը ցուցաբերէ: Անցեալի դառն փորձառութիւններէն հոգեբեկուած ժողովուրդին մէջ կարելի պիտի ըլլա՞յ վստահութիւն ու յոյս ներշնչել: Վարչապետը պիտի կարենա՞յ կանգնեցնել յուսահատութեան ալիքը, որ արտագաղթի վարակը տարածած է ժողովուրդի լայն խաւերուն մէջ: Մենք՝ սփիւռքահայերս, ի՞նչ դեր կրնանք վերցնել այս գործընթացին մէջ:
Միւս կողմէ, Արցախը այս տարի լուրջ մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւէ. ատրպէյճանական բանակի լայնածաւալ նոր գործողութիւններուն վտանգը եւ միջազգային ճնշումներու ուժեղացումը Արցախն ու արցախցին ծանր դրութեան մատնել կը սպառնան:
Դարձե՛ալ մեր դերն ու ընելիքը յստակացնելու խնդիր ունինք:
Կը խնդրենք՝ այս կամ այլ նիւթերու շուրջ ձեր խորհրդածութիւններով մասնակցիք «Ասպարէզ»ի Նոր Տարուան Բացառիկին: Հաճեցէք ձեր գրութիւնը խմբագրութիւնս հասցնել մինչեւ Դեկտեմբեր 10:
Այս նամակով «Ասպարէզ» դիմեց մտաւորական լայն շրջանակի մը: Յանկարծ ոեւէ մէկը մոռցած ըլլալու մտահոգութենէն մեկնած՝ կը հրատարակենք զայն, նաեւ ակնկալելով մեր ընթերցողներէն, որ իրենց ներդրումը չզլանան այս կարեւորագոյն հարցերու քննարկման մէջ:
Կը հրատարակենք նամակը նաեւ ի գիտութիւն մեր հովանաւորներուն ու ծանուցողներուն՝ խնդրելով իրենց աջակցութիւնը այս ծրագիրի իրականացման։