ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Չեմ կրնար չկրկնել: Անպայմա՛ն քուէարկեցէք ու առաջին հերթին ձեր քուէն տուէք Արտաշէս Քասախեանին եւ Էնթընի Փորթանթինոյին: Ապա անցէք միւս թեկնածուներուն ու բանաձեւերուն: Դաշնակցային ու նահանգային միւս թեկնածուներուն վերաբերեալ ձեր ուղեցոյցը թող ըլլայ «Ասպարէզ»ի մէջ հրապարակուած Հայ Դատի յանձնախումբին ծանուցումը (տես «Ասպարէզ»ի անցեալ Հինգշաբթի օրուան թիւը):
Քուէարկութեան ներկայացուած Քալիֆորնիոյ նահանգային 17 բանաձեւերէն, երէկ ներկայացուցինք թիւ 51ը: Անցնի՛նք միւսներուն:
Թիւ 52 բանաձեւը կը պահանջէ, որ շարունակուին հիւանդանոցներու կողմէ «Մետիքալ»ին տրուող վճարները, որոնք դաշնակցային պիւտճէէն կ՛ապահովեն նո՛յն գումարին չափով ներարկում՝ «Մետիքալ»ի հաշուեկշիռին: Այս բանաձեւը օգտակար է տնտեսապէս ո՛չ բարւոք վիճակի մէջ գտնուողներուն: Կ՛առաջարկեմ «Այո» քուէարկել:
Թիւ 53 բանաձեւը կը պահանջէ, որ նահանգային իշխանութիւնները երկու միլիառ տոլարէն աւելի մեծ գումարներու պարտատոմսեր հրապարակելու իրաւունք չունենան, այլ այդ իրաւունքը վերապահուի հանրութեան՝ քուէարկութեան ճամբով: Ես կողմ պիտի քուէարկեմ այս բանաձեւին։
Թիւ 54 բանաձեւը Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին կ՛արգիլէ որեւէ օրինագիծ վաւերացնել, եթէ 72 ժամ առաջ այդ օրինագիծը հրապարակային կերպով հանրութեան ներկայացուած չըլլայ: Ես կը նախընտրեմ հրապարակայնութիւնը եւ ուրեմն՝ «Այո» կը քուէարկեմ:
Թիւ 55 բանաձեւը կ՛առաջարկէ երկարաձգել 2012ին հաստատուած թիւ 30 օրինագիծը, որ յաւելեալ տուրք կը դնէ քառորդ միլիոն տոլարէն աւելի եկամուտ ունեցողներուն վրայ, կրթական եւ առողջապահական ծրագիրներու համար գումար ապահովելու նպատակով: Ես «Այո» կը քուէարկեմ այս բանաձեւին:
Թիւ 56 բանաձեւը եթէ վաւերացուի, սիկառէթի իւրաքանչիւր տուփի վրայ երկու տոլարի յաւելեալ տուրք պիտի զետեղուի: Յանուն բոլորիս առողջութեան՝ «Այո» պիտի քուէարկեմ սիկառէթը քիչ մը եւս անմատչելի դարձնող այս բանաձեւին:
Թիւ 57 բանաձեւը կ՛առաջարկէ աւելցնել թեթեւ յանցագործութիւն կատարողներու եւ դեռահասակներու ներումի հնարաւորութիւնները, իսկ դեռահասակ մը դատելու որոշումը վերապահել դատաւորին, այլ ոչ՝ դատախազին: Մարդասիրական ու գաղափարական սկզբունքներս կը մղեն, որ «Այո» քուէարկեմ այս բանաձեւին:
Թիւ 58 բանաձեւը թոյլ կու տայ անգլերէնի կողքին՝ այլ լեզուներով եւս դասաւանդութիւն կատարել դպրոցներու մէջ: Միանշանակ՝ «Այո»։
Թիւ 59 բանաձեւը ընտրապայքարներու նուիրատուութիւնները հանրային հակակշիռի ենթարկելու դաշնակցային օրինագիծի հիմքը կը զօրացնէ: «Այո»:
Թիւ 60։ Հանրային առողջապահութեան նկատառումներով՝ «Այո»:
Թիւ 61: Դեղերու արժէքները հակակշռելու միջոց: «Այո»:
Թիւ 62: Մահապատիժը վերացնող բանաձեւ: «Այո»:
Թիւ 63: Փամփուշտ գնողներու կենսագրութիւնը սերտելու պահանջ, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ փամփուշտներ կրակելու հնարաւորութիւն տուող «սանտր»երու դէմ արգելք: «Այո»:
Թիւ 64: Չեմ հրապարակեր կեցուածքս:
Թիւ 65: «Փլաստիկ» տոպրակներու համար վճարուած գումարները յատկացնել Քալիֆորնիոյ վայրի բնութիւնը պահպանելու նպատակներուն: «Այո»:
Թիւ 66: «Ո՛չ»: Յուսալով նաեւ, որ մահապատիժը վերացնող բանաձեւը հաստատուի, ինչ որ ինքնաբերաբար անիմաստ կը դարձնէ այս բանաձեւը:
Թիւ 67: Բնապահպանական նկատառումներէ մեկնելով՝ «Այո», պահպանելու համար «փլաստիկ» տոպրակներու օգտագործման արգելքը:
Անպայմա՛ն քուէարկեցէք։