ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Գիտութիւններու համահայկական միջազգային ակադեմիոյ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ին, կ.ա. ժամը 11էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ հայ ժողովուրդի պետականութեան իրաւունքներուն նուիրուած գիտաժողով մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին հետեւեալ նիւթերը. «1918-23 թուականներու ռուս-թրքական պայմանագիրները», «Ուուտրօ Ուիլսընի 1920 թուականի իրաւարար վճիռը» եւ «Արեւմտեան Հայաստանի խնդիրներով Սփիւռքի կառոյցներու գործողութիւններու միասնականութեան ծրագիրի մը անհրաժեշտութիւնը»։
Գիտաժողովի բանախօսներն են՝ փրոֆ. Լեւոն Մարաշլեան, դոկտ. Կարապետ Մոմճեան, դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, Արա Ահարոնեան, Իլիչ Սնխչեան եւ Վահէ Մեսրոպեան:
Գիտաժողովը պիտի կայանայ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ (1901 N. Allen Ave., Altadena, CA 91001)։