ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահական թեկնածուներէն ո՛չ մէկուն իր զօրակցութիւնը շնորհած Հայ Դատի յանձնախումբը, այնուհանդերձ, ոգի ի բռին կ՛աշխատի հայ քուէարկողներուն թիւը աւելցնել եւ զանոնք մղել յառաջիկայ Երեքշաբթի օրը անպայմա՛ն քուէարկելու:
Առաջին հերթին, Հայ Դատի յանձնախումբը նախանձախնդիր է իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն համար առաւելագոյն քուէն ապահովելու: Նահանգային նշանակութեան ընտրութիւններուն, չափազանց կարեւոր է քուէարկել Արտի Քասախեանի եւ Էնթընի Փորթանթինոյի օգտին:
Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Լոս Անճելըսի գաւառային GC բանաձեւին, որ կը վերաբերի Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճին, անոր կրթական ծրագիրներու եւ շէնքային պայմաններու բարելաւման: Այս բանաձեւին շնորհիւ, պարտատոմսերու վաճառքի միջոցաւ՝ շուրջ 325 միլիոն տոլարի յաւելեալ միջոց պիտի ապահովուի քոլեճին, եւ ասոր նշանակութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր կը դառնայ՝ նկատի առնելով, որ համալսարանական ծախսերու աճի լոյսին տակ, այսօր մե՛ծ թիւով ուսանողներ կը նախընտրեն իրենց առաջին երկու տարիներու բարձրագոյն ուսումը ստանալ քոլեճի մէջ։
Այս յիշեցումէն ետք, օգտակար կը գտնեմ ներկայացնել ուղեցոյց մը՝ կողմնորոշուելու համար Քալիֆորնիոյ նահանգային 17 առաջարկութիւն-բանաձեւերու քուէարկութեանց ընթացքին: Հայ Դատի յանձնախումբը այս բանաձեւերուն հանդէպ կեցուածք չէ ճշդած: Այսուհանդերձ, ընթերցողներու խնդրանքին ընդառաջելով՝ պիտի փորձենք առաջարկութիւններու այս շփոթեցնող բազմութեան մէջ մեր նախընտրութիւնը իբրեւ թելադրանք փոխանցել:
Առաջարկութիւն թիւ 51ին համար, կ՛առաջարկեմ կողմ քուէարկել: GC բանաձեւի տրամաբանութեան հետեւելով՝ նահանգային պարտատոմսերու ճամբով 9 միլիառ տոլար կրթութեան եւ կրթական օճախներու շէնքային պայմաններու բարելաւման յատկացնելը օգտակար կը գտնենք, նոր սերունդը աւելի լաւ պատրաստելու համար հետագայ մարտահրաւէրներուն։
Մնացեալ 16ին մասին՝ վաղը: