ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 25 Սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Պելճիքա։
Այդ ծիրին մէջ Կարէն Միրզոյեան 26 Սեպտեմբերին Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանի եւ կառոյցի անդամներուն հետ:
Նախարարը գոհունակութիւն յայտնած է հայկական կազմակերպութեան հետ առկայ համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատած է անոր գործունէութիւնը՝ Եւրոպայի մէջ Արցախի շահերու պաշտպանութեան առումով:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձ կատարած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, մանրամասնօրէն քննարկած են հետագայ ծրագիրները:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Արցախի Հանրապետութիւն-Եւրոխորհրդարան բարեկամական խումբի անդամներ Դաւիթ Մելքումեան եւ Հայկ Խանումեան: