ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասուն գաւառին մէջ աշխատանքներ սկսած են դէպի տուեալ շրջանի ամենաբարձր լեռը՝ Մարութա-Մարաթուկ լեռ տանող 8 քիլոմեթրանոց ճամբայ մը բանալու ուղղութեամբ:
«Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած է, թէ ճանապարհաշինութեան աշխատանքները կրնան աւարտիլ մէկ ամիսէն, ու անոր շնորհիւ աւելի դիւրին պիտի դառնայ լերան գագաթին գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին այցելելը:
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պաթման նահանգի ընդհանուր խորհուրդի անդամ Եըլմազ Չաքար շեշտած է, որ Մարութա սարը կարեւոր է ոչ միայն անասնապահութեան եւ մեղուաբուծութեան համար, այլ նաեւ զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն:
Չաքար նաեւ նշած է, որ Մարութա լեռը սուրբ է հայերուն համար, եւ աւելցուցած է, որ այս ճամբուն շնորհիւ պիտի դիւրանայ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն մագլցումը դէպի լերան գագաթը գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։
Սասնոյ եւ Պիթլիսի հայերու փոխօգնութեան եւ մշակոյթի միութեան նախագահ Ալեն Պաղը եւս շեշտած է, որ հայերը սովորաբար այս եկեղեցին կ՛այցելեն Յուլիս ամսուն, յոյս յայտնելով, որ նոր ճամբուն շնորհիւ ուխտաւորներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ եւ շրջանին մէջ զբօսաշրջութիւնը կը զարգանայ: