ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Հինգշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2016ի երեկոյեան, ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի բազմաթիւ զօրակցողներ համախմբուած էին Հոլիվուտի «Գաւառ» ճաշարանը, մասնակից դառնալու համար Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնի ընդարձակման նպաստող ձեռնարկին: «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը ամէն տարի հանգանակային ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, օգտակար հանդիսանալու համար խիտ հայ բնակչութիւն ունեցող այդ շրջանին:
Երեկոյի յայտագիրը սկիզբ առաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի աղօթքով: Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի անդամ Քրիսթին Յովնանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ՀՕՄի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներուն, մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ անդամներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի եւ կոմիտէներու անդամներուն ու համակիրներուն, շեշտեց ջաւախքահայութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցելու կարեւորութիւնը:
Ապա, ցուցադրուեցաւ տեսաժապաւէն մը ջաւախքահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ՀՕՄի «æաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի իրագործումներուն մասին: Յանձնախումբին պատգամը փոխանցեց ատենապետ Լենա Պօզոյեան, որ մատնանշեց ձեռնարկի կազմակերպման գծով յանձնախումբի երկու կարեւոր նպատակները. առաջինը՝ երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր անդամներուն, նուիրատուներուն եւ զօրակցողներուն, որոնք հաւատք ընծայեցին յանձնախումբին եւ օգնեցին անոր՝ յաջողութեամբ պսակելու իր ծրագիրը. երկրորդը՝ կազմակերպել մտերմիկ հանգանակային ընթրիք մը, որպէսզի աջակցութիւն ցուցաբերէ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան խոստումին՝ ընդարձակելու ՀՕՄի «æաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին հովանաւորած Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնի ընդարձակումը:
Պօզոյեան եւս իր գոհունակութիւնը յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս յանձնախումբի անցեալի ատենապետ Հայկուշ Քոհլըրին, Մաքօ Մկրտիչեանին եւ ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութեան անդամներուն: Ան ներկայացուց հիմնադրամի 16 տարիներու գլխաւոր աշխատանքները, երիտասարդական կեդրոններու կարեւորութիւնն ու անոնց իմաստը շրջանէն ներս: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ հայութեան պայքարը Ջաւախքի մէջ, ընդդէմ խտրականութեան, գիւղերու մէջ անբաւարար առողջապահական միջոցներուն, հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան սահմանափակ ուսուցման: Աւելին, Պօզոյեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամը կը պայքարի մեղմացնելու դժուարին այս պայմանները՝ հովանաւորելով Երիտասարդական կեդրոնի տարեկան կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրները:
Յիշեցնելով օրուան նշանակալից ըլլալուն իրողութիւնը՝ Պօզոյեան ըսաւ. «Այսօր, 1 Սեպտեմբերին, Արցախի անկախութեան 25ամեակն է, օր մը՝ յաղթանակներու տօնախմբութեան, օր մը՝ մեր ազգի առաջնահերթութեանց յիշեցման: Եւ եթէ այս երեկոյ համախմբուած ենք հոս, զօրակցելու եւ հանգանակելու Ջաւախքի համար եւ տօնախմբելու Արցախը, ապա իւրաքանչիւրս մաս կը կազմէ մեր ազգի ամրապնդման…»:
Առիթը յարմար նկատելով, ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի եւ ՀՅԴի բոլոր անդամներուն, հովանաւորներուն, նուիրատուներուն, զօրակցողներուն, Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն, վարիչներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց անսակարկ զօրակցութիւնը կը ցուցաբերեն ջաւախքահայութեան բարեկեցութեան ուղղուած ջանքերուն։
Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր Ժան Գոսագեան. ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբին, որ միշտ նկատի կ՛ունենայ զինք՝ իր ձեռնարկներուն համար, ապա ընդգծելով «æաւախք» հիմնադրամին զօրակցելու կարեւորութիւնը՝ ըսաւ. «Կասկածէ վեր է, որ մեր զօրակցութեան շնորհիւ, Ջաւախքի մէջ հայութիւնը կը հզօրանայ, իսկ Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնի ընդարձակումը կարեւոր է շրջանի ռազմավարութեան համար»: Գոսագեան նաեւ բացատրեց Ջաւախքի կարեւորութիւնը Հայաստանի եւ Կովկասեան շրջանի մէջ բնակող հայութեան համար:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետ Ռեպեքա Պէրպէրեան, որ յատկապէս ընդգծեց ՀՕՄի պատրաստակամութիւնը օգտակար հանդիսանալու հայութեան, ո՛ւր ալ գտնուի ան: Պէրպէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի «æաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին, որ միշտ իր առաւելագոյնը ի գործ դնելով՝ կը կազմակերպէ եւ յաջողութեամբ կը պսակէ շրջանի կարիքներուն նպաստող նման ձեռնարկներ:
Յանձնախումբը տեղւոյն վրայ յայտարարեց կատարուած նուիրատուութիւնները եւ յատկապէս «Գրաճեան» հաստատութեան սեփականատէր Ռաֆֆի Գրաճեանինը, որ Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնի ընդարձակման նպատակով գնուելիք հողատարածքին ամբողջական գումարը նուիրեց: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, որուն գլխաւոր նուէրը դէպի Հայաստան ճամբորդութեան օդանաւի տոմս մըն էր՝ նուիրուած «Քաթար» ճամբորդական ընկերութեան կողմէ:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով հայկական ժողովրդային եւ ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան ծանօթ երգիչներ Գօգօ Հայիթեան եւ Քրիստափոր Արապեան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, դիմել Մարօ Քէշիշեանին կամ Դալար Այնթապլեանին՝ (818) 500-1343 թիւով կամ office@arswestusa.org հասցէով։