ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) 11րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն հետ միասին, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7ի կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ, Ալ Հիւսէյնիա թագաւորական պալատին մէջ: Կարճ հանդիպումէն ետք ներկաները ճաշի հիւրը եղան թագաւորին: Ճաշկերոյթին սկիզբը խօսք առնելով՝ Ապտալլա թագաւոր ողջունեց համաժողովին գումարումը Ամմանի մէջ, անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց շրջանէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Թագաւորի խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին ներկայ հինգ պատրիարքները, որոնք անդրադարձան յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու դժուարութիւններուն ու մանաւանդ արտագաղթին:
Խօսք առաւ նաեւ Արամ վեհափառ եւ ըսաւ. «Ո՛չ միայն քրիստոնեայ համայնքները, այլեւ Միջին Արեւելքը իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանը կ՛ապրի»: Ապա, ան անդրադարձաւ հետեւեալ երկու կէտերուն.
– Կրօններու եւ մշակոյթներու գոյակցութիւնը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց, նկատի ունենալով ծայրայեղական շարժումներու աճը եւ տարածումը։ Երեւոյթ մը, որ միայն Միջին Արեւելքին յատուկ չէ, այլեւ՝ արեւմտեան աշխարհին.
– Ահաբեկչութիւնը դարձեալ միայն Միջին Արեւելքին առնչուած երեւոյթ մը չէ, այլ՝ համամարդկային: Հետեւաբար, պետութիւններ, կրօններ ու ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ միացեալ ու հաւաքական ուժով պէտք է արմատախիլ ընեն այս չարիքը: Յաճախ մենք ախտանշանները յաղթահարելու մասին կը մտածենք՝ մոռնալով սակայն անոնց տուն տուող պատճառները:
Խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ կաթողիկոսը յիշեց, թէ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Ամմանի մէջ երկու պատգամ կը փոխանցէ աշխարհին.
ա. Քրիստոնէութիւնը կապուած կը մնայ Միջին Արեւելքին, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու, եւ
բ. Համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը հարստացուցիչ երեւոյթ մըն է:
Յայտնենք, որ հոգեւոր պետերուն կողմէ արտասանուած խօսքերուն առանձնաբար պատասխանեց Ապտալլա թագաւորը:
Օր մը առաջ, Յորդանանի թագաւորին հօրեղբօր որդին՝ իշխան Ղազին, ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԵԽի համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն ու մասնակիցներուն ի պատիւ տրուած պաշտօնական ընթրիքին եւ իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն՝ իր կարգին շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը: