ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սեպտեմբեր 8ի գիշերը, թրքական «24» պատկերսփիւռի կայանը քանի մը առիթներով ցուցադրեց զգայացունց տեսանիւթ մը, որուն մէջ կը տեսնուէր Հրանդ Տինքի սպանութեան հեղինակ Օկիւն Սամասթը՝ Սամսունի մէջ ձերբակալուելէն անմիջապէս ետք։
Տարիներ առաջ, Հրանդի սպանութենէն քանի մը օր ետք հրատարակուած էր նկար մը, ուր Սամասթ զինք ձերբակալող ոստիկաններուն կողմէ կ՛ընդունուէր որպէս ազգային հերոս, ու թրքական դրօշ կը պարզէր։
Նկարահանումը կատարուած էր Սամսունի ոստիկանատան մէջ, Սամասթի ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք։ Ժապաւէնին մէջ երկու ոստիկաններ ժպտուն ու գոհունակ կերպով կը քաջալերէին Սամասթը, «ասլանըմ» (առիւծս) կ՛ըսէին անոր, կռնակին բարեկամական հարուածներ կու տային, զինք կը հրաւիրէին նկարուելու եւ նոյնիսկ կը հրահանգէին անոր, որ գրպանէն թրքական դրօշակը հանէ ու պարզէ զայն ամբողջ հասակով։ Ոստիկանները կը քաջալերէին Սամասթը՝ ըսելով, որ պէտք չունի վախնալու կամ յուզուելու, եւ կը խոստանային թերթերու մէջ ոչինչ գրել։ Բոլոր այս տեսարաններուն մէջ, Սամասթ ուղղակի ոստիկաններուն կողմէ կ՛ողջունուէր իբրեւ ազգային հերոս մը, որ ճիշդ ժողովուրդին սպասած քաջագործութիւնը ցոյց տուած էր։ Ամէնէն հետաքրքրականն ալ այն էր, որ ոստիկանները միջոց մը Սամասթը կը հրաւիրէին իրենց գրպանի հեռախօսին վրայ դիտելու ժապաւէն մը, որ ըստ թրքական մամուլին՝ Սամասթի գործած սպանութեան պահուն քաշուած ժապաւէնն է։ Պատասխանելով ոստիկաններու հարցումներուն՝ Սամասթ կ՛ըսէր, թէ Հրանդի խմբագրատան առջեւ երկու օր քննութիւն կատարեց, ապա սպասեց, զէնքը քաշեց ու զարկաւ։
«24» եւ ապա այլ կայաններու կողմէ հրապարակուած ժապաւէնը աննախընթաց ու գայթակղեցուցիչ կերպով կը յստակացնէ էջ մը՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան տխուր պատմութեան մէջ։
Նշենք, որ այս շաբթուան ընթացքին հրապարակուած էր այլ տեսանիւթ մը, ուր ցոյց կը տրուին գաղտնի սպասարկութիւններէն 6 անդամներ, որոնք Տինքի սպանութեան պահուն իրարու հետ կը հաղորդակցէին դէպքին վայրը։
Նաեւ աւելցնենք, թէ Սամասթի հետ նկարուած Թուրքիոյ ոստիկանութեան երկու սպաներ, որոնք օրին անմեղ նկատուած էին «պաշտօնական դիրքը չարաշահելու եւ հետաքննութեան գաղտնիութիւնը խախտելու» ամբաստանութենէն, վերջերս պաշտօնազրկուեցան՝ կիւլենական ըլլալու ամբաստանութեամբ: Նաեւ, նշեալ լուսանկարին մէջ Սամասթի կողքին կանգնած եղած են այդ օրերու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնակատար Մեթին Պալթան եւ նոյն բաժանմունքի աշխատակից Իպրահիմ Ֆըրաթը, որոնք ոչ միայն չէին պատժուած, այլ՝ պաշտօնի բարձրացում ստացած