ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան եւ Միջին Արեւելքի հիմնադրամի միացեալ նախաձեռնութիւնը հանդիսացող եւ 7 միլիոն տոլարի ֆոնտ ունեցող «Երախտագիտութեան կրթաթոշակ» ստացած 10 ուսանողներ՝ Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Իսրայէլէն, Յորդանանէն, Լիբանանէն եւ պաղեստինեան տարածքներէն, Սեպտեմբերին պիտի սկսին իրենց ուսման՝ Աշխարհի միացեալ քոլեճներ (United World Colleges) ցանցի դպրոցներուն մէջ: Այս ուսանողները ընտրուած են իրենց ուսումնական բարձր յառաջադիմութեան հիման վրայ: Անոնք կամ գաղթական են, կամ տեղահանուած, կ՛ապրին ծայրայեղ աղքատութեան պայմաններու մէջ կամ առանց ծնողքի (խնամակալի): Ուսանողներէն եօթն պիտի ուսանին Հայաստանի Դիլիջանի միջազգային քոլեճին մէջ, որ ուսանողներ ունի աշխարհի աւելի քան 60 երկիրներէ:
Ծրագիրի տեւողութեան ընթացքին Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ հակամարտութիւններէ, տեղահանութիւններէ եւ աղքատութենէ տուժած 100 երեխաներու բացառիկ կարելիութիւն պիտի տրուի կրթութիւնը շարունակելու Աշխարհի միացեալ քոլեճներ միջազգային ցանցի դպրոցներուն մէջ: Ծրագիրը հիմնադրուած է իբրեւ երախտագիտութեան դրսեւորում Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնք հարիւր տարի առաջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, օթեւան եւ սնունդ տուին հայ տարագրեալներուն:
«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրները յայտարարած են նաեւ Ամալ Քլունիի անուան կրթաթոշակի շարունակութեան մասին: Արդէն երկրորդ տարին է, որ այս կրթաթոշակը կարելիութիւն կու տայ լիբանանցի ուսանողուհիի մը անվճար ուսանելու Դիլիջանի միջազգային քոլեճին մէջ՝ հետեւելով երկամեայ միջազգային պսակաւոր աստիճանի:
Կրթաթոշակը կը տրուի այն ուսանողուհիին, որ լաւ արդիւնքներ ունի եւ հետաքրքրուած է մարդու իրաւունքներով ու միջազգային հիմնահարցերով: Կրթաթոշակը հիմնուած է մարդու իրաւունքներու միջազգային պաշտպան Ամալ Քլունիի ի պատիւ՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել միջմշակութային կրթութիւնն ու փոխըմբռնումը:
«Մենք հպարտ ենք, որ կարող ենք ուսում եւ միջազգային փորձառութեան հնարաւորութիւն ընձեռնել Միջին Արեւելքի արժանի աշակերտներին, քանի որ Միջին Արեւելքը ժամանակին դարձել է նաեւ մեծ թուով հայերի տունը», յայտնած է «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
«Աշխարհի տարբեր կողմերից երիտասարդներին համախմբելով՝ մենք փորձում ենք նրանց մօտ վաղ տարիքից միջազգային երկխօսութեան ու փոխըմբռնման մշակոյթ ստեղծել, երբ նոր–նոր են ձեւաւորւում փոխյարաբերութիւնները եւ մարդու արժէքային համակարգը: Յոյսով ենք, այսպիսով մենք նրանց դրդում ենք փոխըմբռնման, միմեանց հասկանալու՝ նոյնիսկ դժուարին պահերին», աւելցուցած է ան:
Ամալ Քլունիի կրթաթոշակառուն ընտրուած է աւելի քան 43 հոգինոց վերջնական ցանկէն, յատկապէս նկատի առնուած է անոր բացառիկ յառաջադիմութիւնը, լաւատեսութիւնն ու ընկերային պատասխանատուութիւնը, զորս ան կը ծրագրէ լաւագոյն ձեւով դրսեւորել իրաւաբանական ուսման տարիներուն:
«Հպարտ ենք, որ կարող ենք աջակցել գալիք սերնդի կին առաջնորդների կայացմանը: Մենք անչափ ուրախ ենք այն հնարաւորութիւնների համար, որ այս կրթաթոշակը տալիս է Լիբանանի եւ տարածաշրջանի միւս երկրների ուսանողուհիների առջեւ», ըսած է Ռուբէն Վարդանեան: