ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վաղը Արցախի անկախ հանրապետութեան 25րդ տարեդարձն է եւ արդէն իսկ տօնական ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան երկրի տարածքին:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք կարելի՞ է տօնական մթնոլորտ ստեղծել ամէն օր թշնամիի հարուած սպասող ժողովուրդին համար: Որքա՛ն ալ մենք մեզ համոզենք, թէ այդ պատերազմէն յաղթական դուրս եկանք, ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ մեր թանկագին կորուստները, մեր երիտասարդ նահատակները:
Ամէնէն կարեւորը՝ Արցախի ժողովուրդը կրնա՞յ ապահով զգալ իր հողին վրայ:
Վերջին շրջանին պետական տարբեր պաշտօնեաներ, նոյնիսկ ընդդիմադիր գործիչներ կը պնդեն, որ սահմաններու պաշտպանութիւնը արագ թափով կ՛ամրապնդուի, եւ թէ՛ արհեստագիտական, թէ՛ ռազմական նոր սարքերով կ՛ուժեղացուի դիրքերուն անվտանգութիւնը:
Կ՛ողջունենք այս յանձնառութիւնը, եւ կը յուսանք, որ բանակի միջոցները խժռած՝ դաւաճանութեան խարանին արժանի պաշտօնեաներ չկան այլեւս մեր ռազմական ուժերու կառոյցներուն մէջ, եւ որ իւրաքանչիւր լումայ՝ պիւտճէով յատկացուած կամ նուիրաբերուած, պիտի ծառայէ իր նպատակին՝ Արցախի սահմաններու ապահովութեան երաշխիքներու հզօրացման։
Այս վստահութիւնը ներշնչելով՝ թերեւս կարելի ըլլայ թեթեւցնել մթնոլորտը ու յոբելենական տրամադրութիւն ստեղծել ժողովուրդին մօտ: Ի վերջոյ, մեզի համար, բոլորիս համար, մեր վերջին հարիւրամեակներու մեծագոյն նուաճումներէն մէկն է որ պիտի նշենք, հայրենի հողի ազատագրման փառահեղ իրագործումը պիտի տօնենք, սխրանքի ու խիզախութեան հազարաւոր դրուագներու վերյուշը պիտի ապրինք: Ի վերջոյ, խայտալու, ուրախանալու, ցնծալու իրաւունքը ո՛չ ոք կրնայ խլել՝ այդ բոլորը ծնող ժողովուրդէն:
Եկէք փորձենք յաղթահարել մեր հոգիներուն մէջ տակաւին յամեցող դառնութիւնը, յուսախաբութիւնը՝ ամէնէն նուիրական կառոյցին՝ Հայոց Բանակին վնասած հայանուն ցեցերու գոյութենէն յառաջ եկած:
Նոյն այդ յամեցող դառնութիւնը յաղթահարելու համար, եկէք մենք՝ իւրաքանչիւրս, այս տարեդարձին առթիւ վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը՝ Արցախին թիկունք կանգնելու, եւ այդ յանձնառութեան գործնական դրսեւորումով սկսինք նոր քսանհինգամեակի առաջին օրերը:
Իրականութեան մէջ, ուրիշ ճառ ալ չունինք, եթէ չենք ուզեր կորսնցնել այնքա՛ն զոհաբերութեամբ ձեռք ձգուածը:
Տօնական օրը պայման է Արցախի մէջ թէ այլուր: Մեր նահատակները կը հրճուին տեսնելով մեր ուրախութիւնը որ շնորհիւ իրենց կատարուած է: Առիթ մըն է նորոգուելու կամ վերանորոգուելու (ինչպէս նշած էք դուք): Կեցցեն մեր բանակի զինուորները, նահատակ թէ կենդանի: Վերջիններս հիներով կը քաջալերուին եւ անոնց կ’ուզեն նմանիլ, ինչպէս որ հարիւր տարի առաջուան ֆետային չէ մոռցուած եւ օրինակ դարձած է: