ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 30 Օգոստոսին Հայաստանի Ազգային ժողովի ընկերային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Յակոբ Յակոբեան ընդունած է Պունտեսթակի անդամ, Պունտեսթակի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու յանձնաժողովի անդամ, Գերմանական–հայկական համախմբումի նախագահ Ալպերթ Վայլերը:
Յակոբ Յակոբեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է Գերմանիոյ ժողովուրդին եւ անձամբ Ալպերթ Վայլերին՝ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման առնչութեամբ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման առումով իր մեծ ներդրումը ունեցած Ալպերթ Վայլեր շնորհակալութիւն յայտնելով՝ հաստատած է, որ բանաձեւի ընդունումը երկարատեւ ու բազմակողմանի աշխատանքի արդիւնք էր:
Հիւրին առաջարկով քննարկուած են Հայաստանի մէջ աշխատաշուկային, ընկերային ոլորտին վրայ սահմանադրական բարեփոխումներուն ազդեցութեան վերաբերող տարբեր հարցեր:
Յակոբ Յակոբեան ներկայացուցած է ընկերային ոլորտին մէջ առկայ օրէնսդրական բարեփոխումները, յառաջիկայ ծրագիրները: Ընկերային բնագաւառի զարգացման առումով յանձնաժողովի նախագահը կարեւոր նկատած է կուտակային կենսաթոշակային համակարգի ներդրումը: Կարեւոր նկատուած է նաեւ անապահով խաւին աշխատանքին դիմաց ֆինանսաւորման իրականացումը՝ գումարային աջակցութեան յատկացումներուն փոխարէն, ինչ որ իր հերթին կը նպաստէ անգործութեան նուազեցման ու մարդոց կայուն աշխատանքով ապահովելուն:
Յակոբ Յակոբեան նշած է, որ ամէն ինչ կը կատարուի օրէնսդրական բարեփոխումներով երիտասարդութեան գործի հայթայթման հարցը լուծելու համար: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ համայնքներու զարգացման հարցը, որուն լուծման կը նպաստեն այս ոլորտին մէջ կառավարութեան իրականացուցած ծրագիրները:
Գերմանացի երեսփոխանը ներկայացնելով գերմանական փորձառութիւնը այս բնագաւառին մէջ՝ նշած է, որ ժամանակին իրենց առջեւ նոյնպէս ծառացած էին նմանօրինակ խնդիրներ, որոնք կարելի եղած է լուծել համակողմանի աշխատանքին շնորհիւ:
Ալպերթ Վայլեր կարեւոր նկատած է գերմանական-հայկական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը, այդ առումով նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն դերն ու նշանակութիւնը: Ան նշած է, որ իրարմէ սորվելու շատ բան ունին տակաւին։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ այլ ոլորտներու առնչուող բազմաթիւ հարցեր: