ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու կասկածով ձերբակալուած երաժիշտ Եղիշէ Պետրոսեան ազատ արձակուած է։ Այս մասին յայտնած է փաստաբան Լուսինէ Սահակեանը:
Եղիշէ Պետորսեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուած է անոր արարքին մէջ յանցանքի չգոյութեան պատճառով։
«Արձագանգ» սթիւտիոյի հիմնադիր Եղիշէ Պետրոսեան 30 Յուլիսին ձերբակալուած էր զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու կասկածով, անոր առողջական վիճակը վատթարացած էր եւ «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ կը գտնուէր ոստիկաններու հսկողութեան տակ:
Յիշեցնենք, որ Եղիշէ Պետրոսեան «Սասնայ ծռեր»ուն աջակցող «Հակաճգնաժամային նախաձեռնող խորհուրդ»ի անդամ է, աշխոյժ կերպով կը մասնակցէր վերջին օրերու բողոքի ցոյցերուն։