ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն».- Պաքու իր այցելութեան նախօրեակին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հարցազրոյց մը ունեցած է ատրպէյճանական «Azertaj» լրատու գործակալութեան հետ եւ անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնախնդիրին՝ պնդած է, որ փոխզիջման հասնիլ՝ կը նշանակէ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնորոշման սկզբունքներուն միջեւ լաւագոյն հաւասարակշռութիւն գտնել։
«Կարգաւորման վերջնական նպատակը պէտք է ըլլայ համաձայնութիւնը, որմէ ետք կողմերէն ոչ մէկը պէտք է ինքն իրեն յաղթող կամ պարտուող համարէ. զիջումները փոխադարձ պէտք է ըլլան, իսկ կողմերուն օգուտները պէտք է հասկնալի, ընկալելի ըլլան թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի հանրութեան», աւելցուցած է Փութին:
Նախագահը ըսած է, թէ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը կը գիտակցի, թէ որքա՛ն պատասխանատուութեան տակ կը գտնուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները եւ ողջունելի կը գտնէ կառուցողական այն մօտեցումը, որ առկայ էր Յունիս 20ին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած նախագահներու վերջին հանդիպման ընթացքին:
Հարցազրոյցին մէջ ան կրկնած է պաշտօնական Մոսկուայի բազմիցս կատարարած այն յայտարարութիւնը, որ Մոսկուան չի փորձեր պատրաստ բաղադրատոմսերով Հայաստանին ու Ատրպէյճանին պարտադրել ղարաբաղեան տագնապին կարգաւորումը: «Կողմերը իրենք պէտք է յանգին համաձայնութեան, առանց արտաքին ճնշումներու, եւ պէտք է գտնեն փոխընդունելի որոշումներ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը՝ աւելցնելով, թէ Մոսկուա պատրաստ է այդ համաձայնութեան երաշխաւորը ըլլալու, Մինսկի խմբակի միւս համանախագահ պետութիւններուն հետ միասին:
Ան նաեւ կարեւոր համարած է ընդգծել, թէ Ռուսիոյ ուղղակի միջնորդութեամբ, 1994 Մայիսին կնքուած էր զինադադարի համաձայնագիրը, որ, ըստ իրեն՝ ցարդ կը մնայ զինադադարի հիմքը:
Փութին նաեւ յիշեցուցած է 2008ին Մետվետեւի միջնորդութեամբ կնքուած այսպէս կոչուած Մոսկովեան հռչակագիրը՝ ընդգծելով, որ անիկա կը մնայ միակ փաստաթուղթը, զոր ստորագրած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները:
Ռուսիոյ նախագահը շեշտած է, որ ապրիլեան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մէջ եւս Ռուսիան վճռական դերակատարութիւն ունեցած է, միաժամանակ՝ «մոլորութիւն» անուանելով տարածուած այն կարծիքը, թէ Ռուսիան կը փորձէ մենաշնորհել ղարաբաղեան բանակցութիւնները, վստահեցնելով, որ Մոսկուա կը գործէ միւս համանախագահներուն հետ միասին։ Իբրեւ ապացոյց, ան նշած է, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Յունիս 20ին կայացած հանդիպման եզրափակիչ նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի բոլոր երեք համանախագահները:
Ծաւալուն այս հարցազրոյցին մէջ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները Փութին որակած է «ռազմավարական գործընկերութիւն»։
Ան նշած է, թէ Մոսկուան լայն հնարաւորութիւններ կը տեսնէ նաեւ Կասպից ծովը եզերող երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ընդարձակման մէջ, շեշտելով յատկապէս Ատրպէյճան-Ռուսիա-Իրան ձեւաչափով համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Ան անդրադարձած է նաեւ Պաքուի մէջ Օգոստոս 8ին կայանալիք Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպման՝ ընդգծելով, որ այս երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կարեւոր է ոչ միայն տնտեսական, այլեւ ապահովական եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզերուն համար:
Եռակողմանի հանդիպման առանցքային հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ Հիւսիս-Հարաւ միջազգային երկաթագիծը, որուն ընդհանուր երկայնքը 7200 քիլոմեթր պիտի ըլլայ՝ Հնդկաստանը կապելով Իրանի, Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի հետ:
Փութին նաեւ նշած է, որ ռուս-իրանեան առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները աւելի արագ պիտի զարգանան, եթէ ստեղծուի ազատ առեւտուրի գօտի մը Իրանի եւ Եւրասիական միութեան միջեւ: «Արդէն իսկ այս գծով աշխատանքային խումբ մը կազմուած է», յայտնած է Ռուսիոյ նախագահը:
tri lateral meeting could lead economic and political isolation …