ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները պիտի շարունակեն աշխատանքները՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Ըստ «Ռիա Նովոսթի»ի՝ այս մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք՝ աւելցնելով, որ տակաւին յստակ չէ յաջորդ հանդիպումին թուականը։
Համանախագահները՝ ի դէմս Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի, պիտի նպաստեն կողմերուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութեան, շեշտած է Ուորլիք։
Յիշեցնենք, որ նախագահներուն միջեւ վերջին հանդիպումը կայացաւ 20 Յունիսին, Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ՝ Ռուսիոյ նախագահին ներկայութեամբ։