Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պարթոլոմէոս տիեզերական պատրիարքի գլխաւորութեամբ, Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ գտնուող Ուղղափառ եկեղեցւոյ ակադեմիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համաուղղափառ եպիսկոպոսաց ժողովը, որուն մասնակցեցան Արեւելեան ուղղափառ տասնչորս եկեղեցիներու պետերը:
Այս ժողովը հազարամեակէ մը ի վեր սպասուած մեծ ժողովն էր: Տիեզերական պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած էին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները, բերելու իրենց մասնակցութիւնը այս ժողովին՝ դիտողի հանգամանքով: Արամ Ա. վեհափառին տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն ժողովին մասնակցեցաւ Կոմիտաս արք. Օհանեան:
Ուղղափառ եկեղեցւոյ «Մեծ եւ Սուրբ» սինոտը, ինչպէս բնորոշուեցաւ այս ժողովը, տեւեց մէկ Շաբաթ՝ 19էն 26 Յունիս: Անոր իրագործումը եղաւ երկար, աւելի քան յիսուն տարիներու սպասումի եւ հետեւողական աշխատանքի արդիւնքը, որուն յաջողութեան համար աշխատեցան Արեւելեան ուղղափառ բոլոր եկեղեցիներուն պատասխանատուները:
Ժողովի օրակարգերն էին.
Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ. արժէքը մարդկային անձին. ազատութիւն եւ պատասխանատուութիւն. խաղաղութիւն եւ պատերազմի արգելքը:
Ուղղափառ եկեղեցին տարբերութիւններու դիմաց:
Առաքելութիւնը Ուղղափառ եկեղեցւոյ իբրեւ վկայութիւն՝ սիրոյ եւ ծառայութեան:
Ուղղափառ սփիւռքը եւ եկեղեցական կանոնականութիւնը: Այս ուղղութեամբ, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոններէն դուրս, տասներկու նոր շրջաններ նշանակուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ:
Պահեցողութեան կարեւորութիւնը եւ անոր այժմու պահպանման ձեւը:
Ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները քրիստոնեայ աշխարհին հետ: Այս առնչութեամբ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցւոյ խումբէն դուրս գտնուող բոլոր եկեղեցիները «Այլափառ խոստովանողներ» կոչուեցան: ժողովը յայտարարեց, թէ Ուղղափառ եկեղեցին կը շարունակէ երկխօսութիւնը միւս եկեղեցիներուն հետ: