– «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, թէ Գերմանիա պէտք է զգալիօրէն աւելցնէ պաշտպանութեան ծախսերը՝ արտաքին սպառնալիքները դիմագրաւելու համար: Ան ըսած է, որ ներկայիս Եւրոմիութիւնը ի վիճակի չէ ինքզինք պաշտպանելու եւ չի կրնար միշտ յոյսը դնել Միացեալ Նահանգներու վրայ: Ըստ անոր՝ մինչ Գերմանիա պաշտպանութեան նպատակներով կը ծախսէ իր Ընդհանուր ներքին արտադրութեան (GDP) մօտաւորապէս 1.2 առ հարիւրը, Միացեալ Նահանգներու պարագային այդ համեմատութիւնը 3.4 առ հարիւր է։
– Ըստ Իսրայէլի պատկերասփիւռի 10րդ կայանին կատարած մէկ հարցախոյզին՝ իսրայէլացիներուն 56 առ հարիւրը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համաձայնութեան դէմ է, իսկ 11 առ հարիւրը այդ հարցին վերաբերեալ տեսակէտ չունի: