Սամցխէ-Ջաւախքի Ճոպարեթ գիւղին մէջ յայտնաբերուած է Արաքս գետի մշակութային բնակավայր։ Ասպինձայի քաղաքապետութեան մէջ մտնող Ճոպարեթ գիւղի Արաքս գետի մշակութային բնակավայրը ունի շուրջ 5000 տարուան պատմութիւն: Այս մասին գրած է Akhaltskha.net-ը:
Ասպինձայի քաղաքապետութենէն յայտնած են, որ այդ տարածքին մէջ կը կատարուին հնագիտական աշխատանքներ, որոնք կ՛իրականացուին Վրաստանի Ազգային Թանգարանի եւ Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքի միասնական ուժերով:
Յայտնաբերուած են քարէ շինութիւններ, բնակելի եւ տնտեսական ամբարներ, շտեմարաններ, կրակարաններ եւ ամանեղէնի տարբեր տեսականի։