Րաֆֆի Տուտագլեան
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը որոշեց նորոգել ռազմաճակատներու վրայ վիրաւորուած քանի մը զինուորներու տուները։ Մայիսի վերջերուն, գործընկերներուս հետ մեկնեցայ Արցախ եւ կառավարութեան համապատասխան մարմիններուն հետ հանդիպելէ ետք, ստացանք ծանրօրէն վիրաւորուած զինուորներու անուններն ու հասցէները։ Ցանկը ուսումնասիրելէ ետք որոշեցինք այցելել 5-6 զինուորներու տուները եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալ անոնց բնակարաններու կարիքներուն եւ ծրագրել շինարարական աշխատանքները։
Մեր առաջին այցելութիւնը Հադրութի շրջանի Տող գիւղն էր, ուր պիտի ծանօթանայինք Վաչիկին, որ նոր վերադարձած էր Երեւանի զինուորական հիւանդանոցէն։ Հարցուփորձէ ետք, Քարքարոտ ու ցեխոտ ճամբայ մը դժուարութեանբ կտրելով՝ հասանք Վաչիկին առանձնատունը, որ հաւանաբար նոյնքան հին էր, որքան Տող գիւղը։ Վաչիկը, անշուշտ, մեր այցելութենէն տեղեակ չէր, եւ մենք ալ չուզեցինք բացայայտել մեր նպատակը եւ ներկայացանք իբրեւ լրագրողներ։
Կարճահասակ, ժպտադէմ եւ գիւղացիի պարզութեամբ յատկանշուող 50 տարեկան Վաչիկը վիրաւորուած էր Արցախի հարաւային ճակատներուն վրայ։ Ան երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէր Յատուկ նշանակութեան ուժերուն մէջ եւ մասնակցած էր բազմաթիւ վտանգաւոր գործողութիւններու։ Մարմինին վրայ կային անհամար սպիներ, վիրաւորուած էր բազմիցս, եւ մարտերու ընթացքին յաճախ դէմ յանդիման գտնուած էր մահուան ու միշտ ալ վերապրած էր, երբեմն բախտով, երբեմն ալ՝ իր մարզումներէն ձեռք ձգած հմտութիւններուն շնորհիւ։
Ապրիլեան պատերազմին, թշնամի զօրքերու թիկունքին յատուկ գործողութիւն մը կատարելու ընաթցքին, ռումբ մը կը պայթի Վաչիկի մօտ։ Ռումբէն բեկոր մը կը ծակէ Վաչիկի կռնակը, ողնաշարը քերծելով կը մխրճուի թոքերուն մէջ ու դուրս կու գայ աջ թեւին տակէն։ Մէկուկէս ամիս Ստեփանակերտի եւ Երեւանի հիւանդանոցներուն մէջ բուժուելէ ետք կը վերադառնայ տուն։ Վաչիկին երկու տղաները եւս կը ծառայեն Արցախի բանակին մէջ։ Փոքր տղան 19 տարեկան է եւ մէկ տարի է արդէն կը կատարէ իր զինուորական ծառայութիւնը. մեծ զաւակը 26 տարեկան է եւ՝ պայմանագրային զինծառայող։ «Երեքով կռուի դաշտում էինք, պաշտպանում էինք մեր հողը։ Ես վիրաւորուեցի, բայց բարեբախտաբար երեխեքս չտուժեցին», ըսաւ Վաչիկ, երբ ընտանիքին մասին հետաքրքրուեցանք։
Պատերազմէն առաջ Վաչիկ սկսած էր քիչ քիչ նորոգելու հին, գրեթէ կիսափուլ պապենական իր տունը, որովհետեւ մեծ տղան որոշած էր ամուսնանալ եւ միասին պիտի ապրէին տան մէջ։ Իր ստացած վէրքերուն պատճառով, Վաչիկ շարժելու եւ շնչելու դժուարութիւն ունէր, բայց հակառակ իր ծանր վիճակին, մեծ խանդավառութեամբ կը խօսէր իր զաւակներուն, իր նորոգուելիք տան, իր ապագայ ծրագիրներուն մասին։ Հակառակ իր վէրքերուն եւ ապրուստի դժուար պայմաններուն, ոչ մէկ բողոք, ոչ մէկ տրտունջ ու դժգոհութիւն կ՛արտայայտէր եւ հաւատացած էր, որ շուտով ոտքի պիտի կանգնի ու վերադառնայ զինուորական ծառայութեան եւ շարունակէ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու իր առաքելութիւնը։
Այս պատմութիւնը լսելէ ետք, երբ մեկնելէ առաջ յայտնեցինք, որ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչներն ենք եւ կ՛ուզենք տան նորոգութեան աշխատանքներուն օգտակար ըլլալ, Վաչիկ պահ մը ապշած մնաց, եւ քանի մը րոպէ լուռ մնալէ ետք, յայտնապէս յուզուած, ըսաւ՝
«Մենք միշտ էլ հաւատացել ենք, որ էս հողի վրայ երբեք մենակ չենք քայլում»։
Ժպտացինք եւ ցտեսութիւն ըսելէ ետք բռնեցինք վերադարձի ճամբան։ Ճանապարհին, ականջիս անդադար կը հնչէր Վաչիկին վերջին խօսքը, Հայաստանի մէջ 12 տարիներու իմ կեանքին ընթացքին լսուած ամենալաւ նախադասութիւնը. «Էս հողի վրայ երբեք մենակ չենք քայլում»։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
Gu shnorhavorém “Tüfënkian” Himnargun oo anor nérgayatsootsichnéru, vor irénts hokadzootyan dag aradz én Artsakhi méch gadarvélik Gark mu norokootyoonnéroo hartsu. Ays é jushmarid Hayoo gétsvadzku! Odarén okood chuga, voch al agungaléloo é.
Shad sirétsi krootyoonut, Raffi! Lav kordzéroo méch és. Mér joghovoortu bédk é vor artunna!
A touching story.