ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նամակատան գործակալութիւնը՝ «ՀայՓոստ»ը, մասնակցած է վերջերս Նիւ Եորքի մէջ կայացած 2016ի համաշխարհային դրոշմաթուղթի տօնավաճառին եւ անոր ծիրէն ներս կայացած համաշխարհային դրոշմաթուղթի մրցումին։ «ՀայՓոստ»ի հաւաքածոն, որ կազմուած էր 2013, 2014 եւ 2015 թուականներու դրոշմաթուղթերէն, երկրորդ հանդիսացած է։
Հաւաքածոյին մէջ կային 29 դրոշմաթուղթեր, բացիկներ ու այլ հրատարակութիւններ, որոնք նուիրուած էին Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին եւ բնութեան։
Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է նաեւ Ֆրանսիս պապի այցելութեան առիթով «ՀայՓոստ»ի պատրաստած դրոշմաթուղթերը, որոնք հանրութեան պիտի ներկայացուին պապին Հայաստան այցելութեան օրերուն։
Նշենք, որ տօնավաճառին կը մասնակցէին 120 երկիրներ, իսկ «ՀայՓոստ»ը առաջին անգամ ըլլալով առանձին կրպակով կը մասնակցէր այս տօնավաճառին։