«Սամցխէ Ջաւախք»ի լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ախալցխայի մէջ հիմնադրուած է «Մեսխեթիի հայրենակցական տոհմական միութիւնը» կազմակերպութիւնը, որուն առաջին պահանջն է Ախալցխայի մէջ Օսմանեան տիրապետութենէն Մեսխեթին ազատագրող հերոսներուն յուշարձանի տեղադրումը քաղաքին մէջ:
Նշեալ միութեան առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 17 Յունիսին USAID-ի Ժողովրդական ներգրաւուածութեան կեդրոնին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին Աճարիոյ հայրենակցական տոհմական միութեան անդամները:
Աճարիոյ հայրենակցական տոհմական միութեան նախագահ Նիազ Պոլքվաձէ ըսած է, որ տուեալ միութիւնը հիմնուած է Թիֆլիսի մէջ, ապա Պաթումի, իսկ հիմա Ախալցխայի մէջ, հետագային պիտի հիմնուի նաեւ Վրաստանի այլ շրջաններու մէջ:
Մեսխեթիի միութեան նախագահն է Զազա Սուտաձէ: Ան ըսած է, որ միութեան նպատակն է վրացական ազգային արժէքներու պաշտպանութիւնն ու խրախուսումը: Միութիւնը կ՛ուզէ, որ յուշարձանը տեղադրուի Ռապաթի բերդի տարածքին մէջ՝ ճիշդ մուտքին:
Օսմանեան 300ամեայ տիրապետութենէն Աճարիոյ ազատագրման եւ մայր հայրենիքին՝ Վրաստանին վերադարձնելուն մասնակցած հերոսներուն նուիրուած յուշարձանը արդէն պատրաստուած է: Յուշարձանը 4 մեթր բարձրութիւն ունի: Անիկա իրականացած է Աճարիոյ հայրենակցական տոհմական միութեան նախաձեռնութեամբ, միութեան անդամներուն եւ հասարակութեան նուիրատուութիւններով: