ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ինքնին շատ գնահատելի եւ յիշարժան քայլ մըն է: Անիկա նաեւ կարեւոր պատգամ մըն է՝ ուղղուած այլ ժողովրդավար երկիրներու, ինչպէս իմ երկու երկիրներուն՝ Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք վախկոտներու պէս կը խուսափին ճանաչումէն», Նուարդ Չալիկեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է անուանի հրեայ ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարնի:
Ան նաեւ կարեւոր համարած է այն իրողութիւնը, որ այս բանաձեւով Գերմանիա կ՛ընդունի իր դերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ, ինչ որ աւելի՛ ազդեցիկ է դարձնէ այդ որոշումը:
«Տարիներ շարունակ, պատմաբաններ հաւաքած են մեծ քանակութեամբ տեղեկութիւններ այն մասին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիան ունեցած է աջակցողի ու արտօնողի դեր, եւ որոշ առումով՝ նոյնիսկ անմիջական մասնակցութիւն բերած է անոր. այս ինքնակամ խոստովանութիւնը յստակօրէն կը հաստատէ Գերմանիոյ մեղսակցութեան մասին փաստերու ճշմարտացիութիւնը», նշած է Չարնի:
Յիշեցնելով, որ միջազգային գիտական համայնքը արդէն իսկ շատոց համակարծիք է 1915ի Ցեղասպանութեան իրողութեան շուրջ՝ Չարնի աւելցուցած է. «Ինչ կը վերաբերի թուրքերու կողմէ պարբերաբար կրկնուող զաւեշտալի պնդումներուն, թէ գիտնականներն ու պատմաբանները պէտք է այս հարցին շուրջ հասնին ընդհանուր եզրակացութեան մը, ապա անոնք պէտք է գիտնան, որ այդ եզրակացութիւնը արդէն իսկ անվիճելիօրէն տր-ուած է»:
Չարնի, որ երկար տարիներ պայքարած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, կը կարծէ, թէ յանուն ճանաչման՝ կ՛արժէ որոշ գին վճարել, ինչպէս օրինակ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացում: Ան միաժամանակ համոզուած է, որ Պունտեսթակի այս որոշումը զգալիօրէն պիտի չվատթարացնէ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները: «Կարճ ժամանակ անց, Թուրքիա պիտի պատուիրէ գերմանական գարեջուրի յաջորդ ապսպրանքը», հեգնանքով ըսած է ան:
Նաեւ, քննադատելով փոքրամասնութիւններուն հանդէպ Թուր-քիոյ ներկայ կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը՝ ան աւելցուցած է. «Այս օրերուն, բռնապետ Էրտողանը երկիրը աւելիո՛վ կը մեկուսացնէ աշխարհէն ու սկսած է բանտարկուելու իր սեփական սարդոստայնին մէջ, միաժամանակ՝ ճնշելով բազմաթիւ թուրք գրողներ, ոստիկաններ եւ այլք։ Տակաւին չխօսինք անոր վտանգաւոր քայլերուն մասին՝ ազգութեամբ ոչ թուրքերու հանդէպ, որոնցմէ են քիւրտերը»:
Շատ, շատ իրաւացի ես, պարոն Չարնի: