ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Ֆրանսայի Անեսի քաղաքին մէջ կայացաւ թիավարութեան «Մեծ Նաւակ» պատանեկան միջազգային մրցաշարքը, որուն մասնակցած էին նաեւ հայ մարզիկներ: Մէկ հոգինոց թիավարութեան 17.5 քիլոմեթր մրցումին ախոյեան դարձաւ հայազգի Տիգրան Բարիկեան, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց Տիգրան Շահվերդեան։ Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց իտալացի մասնակից մը։ Նշենք, որ մրցաշարքին մասնակցած էին 19 երկիրներէ ներկայացուցիչներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.