Մայիս 17ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Գրիգոր Տէր Ղազարեան Օթթաուայի Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ դեսպան Ալեքսանտր Տարչիէֆի հետ:
Ըստ մեր պաշտօնակից «Հորիզոն» շաբաթաթերթին՝ հանդիպման ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբը Ալեքսանտր Տարչիէֆի ուշադրութեան յանձնեց Արցախի ապրիլեան պատերազմին գծով ատրպէյճանական կողմի նախայարձակ ըլլալու իրողութեան շուրջ մանրամասնութիւններ:
Յաձնախումբին կողմէ պահանջուեցաւ, որ Ռուսիա, իբրեւ համանախագահ Արցախի հարցով բանակցութիւններ համակարգող Մին-սկի խմբակին՝ դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարը խախտելու ընթացքը: Նշուեցաւ նաեւ, որ յանձնախումբին մօտ բաւարար փաստեր կան, որպէսզի ապացուցուի ատրպէյճանական բանակին կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ գործադրուած սպանութեան եւ բռնութեան վայրագ դէպքերը:
Տարչիէֆ, իր կարգին, յայտնեց, թէ Մինսկի խմբակի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները մօտէն կը հետեւին կացութեան եւ տենդագին աշխատանքի լծուած են իրավիճակը բնականոն իր ընթացքին վերադարձնելու ուղղութեամբ: