
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԻՍՏԻՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս օրերուն միջազգային հրապարակի վրայ դարձեալ կը խօսուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու միջոցառումներուն մասին եւ հաւական կը թուի, որ Գերմանիոյ խորհրդարանն ալ Յունիս 2ին ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը։
Ճեմ Տալամանի ստորագրութեամբ հրատարակուած թղթակցութիւն մը կը նշէ, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանը պիտի ընդունի այն բանաձեւը, ուր ըսուած է. «1915ի օսմանեան պետութեան հայերու տեղահանութիւնը եւ սպանդը ցեղասպանութի՛ւն էր»։
Գերմանական մամուլը այժմ վստահ է, որ այս բանաձեւը պիտի վաւերացուի Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ։
Գերմանական «Պիլտ» թերթը կը գրէ, որ երեք կուսակցութիւններու միացեալ նախաձեռնութեամբ պատրաստուած այս բանաձեւը կը կրէ 101 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը յիշելու եւ ոգեկոչելու խորագիր։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր գերմանական «Թակեսշփիկել» թերթին յայտնած է, թէ ինք նախապէս այս նիւթին մասին տարբեր կարծիք ունէր, բայց հիմա կարծիքը փոխած է եւ Յունիս 2ի քուէարկութեան ընթացքին պիտի քուէարկէ բանաձեւին ի նպաստ։ Նախարարը աւելցուցած է, որ ամէն մարդ կրնայ վստահ ըլլալ, որ իր կուսակցութեան բոլոր երեսփոխանները բանաձեւին ի նպաստ պիտի քուէարկեն։ «Կը յուսամ, որ այս բանաձեւը չի վատթարացներ Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւնները», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ճիգ պիտի թափէ, որ համաձայնութիւն մը գոյացնէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ։
Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր, որ միշտ հայկական բանաձեւին կողմնակից եղած է, «Պիլտ» թերթին ըսած է, որ Անգարա հաւանաբար պիտի զայրանայ այս բանաձեւէն, բայց Գերմանիոյ խորհրդարանը չի կրնար գլուխ հակել Էրտողանի նման բռնակալի մը դիմաց։ Ան դիտել տուած է, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յստակ ու վստահելի փաստաթուղթեր ունի այս նիւթին շուրջ։ Էօզտեմիր նաեւ ըսած է, որ եթէ Գերմանիոյ խորհրդարանը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անկէ ետք Թուրքիոյ համար աւելի դժուար պիտի ըլլայ ժխտել Ցեղասպանութիւնը։
Այլ հետաքրքրական զարգացումով մը, Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթ, Գերմանիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Աւնի Քարսլըօղլուն նամակով մը հրաւիրած է ներկայ գտնուելու Յունիս 2ի նիստին՝ գրելով. «Որպէսզի կատարուած վիճաբանութիւններուն լրջութեան մասին անձնական գաղափար մը կազմէք, սրտանց ձեզ կը հրաւիրեմ ներկայ գտնուելու այս նիստին»։
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Լամերթ անցեալ տարի Ցեղասպանութիւնը հաստատող յայտարարութիւն մը կատարած էր՝ նշաւակ դառնալով Թուրքիոյ հակազդեցութեան։
Իր կարգին, դեսպան Քարսլըօղլու անցեալ Մայիսին խօսած էր գերմանական թերթի մը հետ ու ըսած էր, որ խորհրդարանին գործը չէ՛ պատմութեան մասին վճիռ արձակելը։
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ խումբ մը գերմանացի մտաւորականներ բաց նամակ յղեցին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին՝ կոչ ուղղելով անոր, որ Յունիս 2ին, խորհրդարանին մէջ Օսմանեան կայսրութեան հայերու ջարդերուն մասին բանաձեւի քննարկումին ընթացքին, վերջապէս օգտագործուի՛ ցեղասպանութիւն եզրը:
Նամակը ստորագրած էին նաեւ թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքըն, Տրեզտընի Սիմֆոնիք նուագախումբի տնօրէն Մարքուս Ռինտթ, ծագումով հայ յօրինող Մարք Սինան, Սաքսոնիա նահանգի գրադարանի տնօրէն Թոմաս Պիւրկեր, գրող Տողան Աքանլը եւ ուրիշներ: