ԵՐԵՒԱՆ.– 19 Մայիսի կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն անդրադարձաւ Վիեննայի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան:
«Բանակցային գործընթացում յաջողութեան հասնելու առաջին նախապայմանը արդէն իսկ համապատասխան իրավիճակ ստեղծելն է, վստահութեան մեխանիզմներ պէտք է ստեղծել», յայտնեց նախարարը՝ նշելով, որ վստահութեան մեքանիզմները երկու ուղղութեամբ պէտք է ձեւաւորուին. առաջին՝ պէտք է զերծ մնալ ամէն տեսակի խախտումներէ՝ կրակոցներ, ներթափանցման-հետախուզական յարձակումներ, նաեւ միջազգային հետաքննութեան մեքանիզմներ իրա-կանացնել:
«Մենք միշտ կողմնակից ենք եղել դրան: Վերջին բանակցութիւնների ժամանակ կարծես այդ ամէնը ձեռք է բերուել», ըսած է ան: