ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Հանգստեան կոչուած ըլլալու բերումով, նախապէս իմ այնքա՛ն անտեսած հեռուստացոյց դիտելը ինծի համար անհրաժեշտութիւն դարձաւ. մանաւանդ այս օրերերուն, երբ ընթացքի մէջ եղած նախագահական ընտրութիւնները իրենց տաք հանգրուանին հասան։
Քանի մը օր առաջ էր, երբ Հանրապետական կուսակցութեան թիւ մէկ թեկնածու Տանըլտ Թրամփ, նախնական ընտրութիւններուն մէջ յաղթական դուրս գալով՝ զիս զարմացուցած. պահ մը կը մտածեմ. ի՞նչ բանն էր, որ զինք հոս հասցուց… ուսո՞ւմը, ունեցած իմացական կարողութի՞ւնը, ֆիզիքակա՞նը, թէ քաղաքական «հմտութիւնը»։
Ճիշդ է, որ ժողովուրդը յոգնած է այլեւս քաղաքագէտներէն ու անոնց չիրականացուած խոստումներէն, բայց այս բոլորէն անդին կա՞ր արդեօք բան մը, զոր մնացած շարան մը թեկնածուները չունէին. անշո՛ւշտ որ կար. դըըըըրամ…
Դրամն էր, որ զինք հոս հասցուց, իսկ ժողովուրդին մէջ աստիճանաբար հիւանդագին վիճակի հասած նիւթապաշտներու զանգուածն էր, որ «ամբոխները խելագարուած»ի պէս զինք սիրեց եւ կուրցած՝ անոր յայտարարած բոլոր խոստումները որպէս գանձ յափշտակեց։ Թերութիւնները առաւելութիւն տեսաւ. իսկ ընտրուելու համար հնարած սուտերը ճշմարտութեամբ բացատրեց։
Դրամն էր, որ զինք զօրացուց, եւ հակառակ մէկ կուսակցութենէն հեռանալով միւսին անցնելուն ու հանրապետականներու պառակտուած շարքերը քով-քովի բերելու իր յոխորտանքին՝ ո՛չ թէ անոր մէջ ունեցած իր խմորուածութեամբ, այլ միայն հոն ըլլալու սիրոյն, ան մէկ օրէն միւսը ծերակուտականներու հետ ժողովի նստաւ։
Վերջապէս, դրամն էր, որ բարոյական սկզբունքները մէկ կողմ ծրարած եւ ամսաթերթերու մէջ մերկութիւնը ցուցադրած իր կինը այժմ ծածկելով՝ իր հաւանական ընտրութեամբ Առաջին տիկինը կրնայ դարձնել…
Նո՛յնն է պարագան անմիջական մեր շրջապատէն ներս. «Աբիսողոմ աղա»ի օրերէն ասդին կարծէք ոչինչ փոխուած է. կարեւոր չէ, թէ ո՛վ ես, ի՛նչ կ՛ընես… հիմնականը՝ դրամ ունենալդ է, որուն երբեմնի հրաշագործութեամբ, ունեցած ամէն տեսակի թերութիւններդ կ՛անտեսուին. կը սկսիս չունեցած առաքինութիւններուդ համար փառաբանուելու, սիրուելու, յարգուելու, ծափահարուելու, եւ ինչո՛ւ չէ՝ օր մըն ալ, «աչքդ լոյս», նոյնիսկ կրնաս նախագահ ընտրուիլ։
Քաղաքականութիւնն ալ կարծես, ամէն «ութիւն» վերջաւորութիւնը ունեցող վերացական բառերուն պէս, սկսած է իր իմաստէն ու կիրարկման եղանակէն շատ բան կորսնցնելու. ուրեմն՝ ի՞նչ ընել. քաջալերել ընթացքը եւ ընտրե՞լ, թէ բան մը փոխուելու յոյսով՝ անտարբեր քաղաքացիի պէս հեռու մնալ ու աւարտին սպասելով՝ ծափահարել։