ՎԵՐԺԻՆԻ ԹՈՒԼՈՒՄԵԱՆ
Դեռ 24 տարիներս չեմ բոլորած, առիթներ չեմ ունեցած աշխարհը պտըտելու եւ տակաւին չեմ վայելած կեանքի քաղցր արժանիքները։ Սակայն կեանքիս այս կարճ ժամանակահատուածին ընթացքին ապրած եմ 4 հոգեկան ներշնչման պահեր, որոնք գօտեպնդած են իմ սէրը՝ հայրենիքիս հանդէպ։
Ա.- 2011 թուականին, 45 ընկերներով մասնակցեցայ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ճամբարին, ուր կազմակերպեցինք տարբեր ճամբարներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Այս ճամբորդութիւնը եւ ՀԵԴի նպատակը կու գայ վերահաստատելու դաշնակցականի վճռակամութիւնը՝ Հայաստանը հզօրացնելու եւ Սփիւռքի հետ սերտ կապերը ամրապնդելու։ Երիտասարդներու այս ծրագիրները կու գան փաստելու, թէ «Դէպի Երկիր»ը լոկ կարգախօս մը չէ՛։
Բ.- Կազմակերպութեամբ եւ առաջնորդութեամբ ՀԵԴին, միասնակամ քայլերով ու կամքով, 166,000 հայորդիներ Լոս Անճելըսի մէջ դէպի թրքական հիւպատոսարան Արդարութեան Քայլարշաւին ընթացքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ապացուցեցին, որ Մեծ Եղեռնի դառն փորձառութիւնը ապրած հայ ժողովուրդը հաւատարիմ կը մնայ իր նահատակներու կտակին եւ պահանջատիրական դրօշը բարձր բռնած՝ կը շարունակէ պայքարիլ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի համազգային մեծ երազը իրականացնելու։
Գ.- Անցած տարի՝ 2015ին, մեծ յաջողութիւն գտաւ ՀԵԴի ջանքերով #DivestTurkey արշաւը, որ ետ քաշուի ամերիկեան զանազան համալսարաններէ 74 միլիոն տոլարի պարտամուրհակներու ներդրումը Թուրքիոյ մէջ։ Մէկ տարուան ընթացքին, տարբեր համալսարաններ՝ իրենց Հայ աշակերտական խորհուրդներուն միջոցով, կրցան բանաձեւեր վաւերացնել՝ դատապարտելով Թուրքիոյ ոճրագործութիւնները եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը։
Դ.- Յաջորդ ներշնչումս պատահեցաւ 2 շաբաթ առաջ, երբ լուր հասաւ, թէ ատրպէյճանական զօրքերը դարձեալ խախտեցին զինադադարը։ Հակառակորդին կործանիչ զէնքերուն առջեւ, հայ ժողովուրդը իր մարտունակ բանակով թշնամիին ցոյց տուաւ իր ամենահզօր ու յաղթական զէնքը՝ հայութեան միասնութիւնը: Արցախը իր հերոսներո՛վ ապրած է եւ 1994ի մեր սահմաններուն վրայ արիւն թափած: Հերոսներու ժառանգորդները, Մայիս 28ի անկախութիւնը կերտողներու ոգիով վազեցին իրենց դիրքերը՝ պաշտպանելու համար մեր հայրենիքը:
Յաջորդող օրերուն ընթացքին, տարբեր շրջաններու մէջ դաշնակցական երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կազմակերպեցին գաղութային բողոքի ցոյցեր: ՀԵԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութիւնը արտակարգ ժողով գումարեց՝ աւելի քան հարիւր ընկերներու մասնակցութեամբ. կազմակերպուեցան թէ՛ հաւաքներ, եւ թէ դաստիարակչական թերթիկներ համացանցի միջոցով։ Դարձեա՛լ երիտասարդները պայքարի պատնէշի առաջին գիծին վրայ են։
Գովասանք, փառաբանում եւ գովերգանք չէ, զորս կ՛ուզեմ փոխանձել այս գրութեամբ: Շա՛տ լաւ կը հասկնամ, թէ համեստութիւնը անգիր օրէնք է, մանաւանդ՝ Դաշնակցութեա՛ն մէջ: Սակայն տարակարծիքներ կան, թէ նորօրեայ երիտասարդները մոռցած են իրենց պապերուն կտակը եւ շեղած պայքարի ճամբէն: Իբրեւ երիտասարդ, կ՛ուզեմ այսպիսի տարակարծիքներու վերջ տալ: Իբրեւ ազգի կերտման հիմնական առաջնորդ, հայ երիտասարդը կը շարունակէ պոռթկալ անարդարութիւններուն դէմ՝ ստեղծելով նոր ծրագիրներ կերտելու նոր դիւձազներգութիւններ եւ նոր հորիզոններ: Ինչպէս ՀՅԴ հիմնադիր Ռոստոմ ըսաւ. »Յեղափոխութիւնը կանգ չի առնի ո՛չ մի ուժի առաջ. նա միայն կը փոխէ իր ձեւը՝ յարմարելով նոր պայմաններին, բայց՝ երբե՛ք իր էութիւնը«:
Երիտասարդներ ու աշակերտներ ռազմավարական ու մտաւորական երեւոյթներով կը մօտենան ազգային հարցերու: Պայքարի դաշտը արդէն իսկ ընդլայնած է. վրէժխնդիր հարուածներու ուժգնութեամբ մեր ճակատագիրը տնօրինելու նոր ձեւերով ճամբայ ելած ենք եւ նպատակ չունի՛նք կանգ առնելու: Մենք (կրնայ ըլլալ նախորդող սերունդէն աւելի՛) գիտենք, որ օտարէն »ֆայտա« չկայ, եւ մենք տէր կը մնանք մեր լեզուին, պատմութեան ու գաղափարներուն: Ըմբոստ, անսպար կորովով եւ թարմ մտածողութեամբ պատրաստ ենք մարմին, միտք, սիրտ եւ թոք մաշեցնելու այս պարտականութեան ճամբուն վրայ: Վերոյիշեալ բոլոր ներշնչման յիշատակներս մտայղացուած են ու իրականացած հայ երիտասարդներու ջանքերով եւ տեսլականով: Շաւարշ Միսաքեանի պատգամով կ՛ուզեմ հաստատել, թէ չե՛նք թմրած անցեալի փառքերով, եւ հաւատքով ու ճիգերով մե՛նք եւս կ՛արձանագրենք նորանոր պայքարի յաջողութիւններ:
Ապրիլ 1ի Արցախի զինադադարի խախտումէն ետք, երբ Հայոց բանակի նահատակներուն անուններն ու տարիքները հրապարակուեցան, փաստ մըն ալ հո՛ն երեւցաւ, թէ հայ երիտասարդը կը մնայ հաւատարիմ իր ազգային սրբազան ուխտին եւ մինչեւ մահ պատրաստ է ծառայելու իր հայրենիքին: