ԱՐԵՆԻ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ
Հայաստան… այս երկնային բառը մեր հայրենիքն է, զոր ես իմ ամբողջ սիրտով կը սիրեմ: Ես այս տարի կրցած եմ Հայաստան այցելել ու դարձեալ տեսնել իմ հայրենիքս: Մարտ ամսուան մէջ, Շամլեան Ազգ. վարժարանի աւարտական դասարանի ընկերներուս հետ ճամբորդեցին Երեւան, ուր հասանք Մարտ 18ին: Երբ առաջին քայլս առի իմ մայր Հայաստանիս մէջ, շատ խանդավառ էի տեսնելու իմ հայրենիքս:
Երբ սկսանք մեր ճանապարհորդութեան, առաջին օրը Խոր Վիրապ այցելեցինք: Երբ հասանք, զգացի, թէ վերջապէս տուն հասած եմ, ու այդ ամենալա՛ւ զգացումն էր: Խոր Վիրապէն դուրս ելլելէ ետք, միտքս չէր կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս մեր սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը այս փոսին մէջ տասներեք տարի ապրեցաւ: Երբ մօտակայ բլուրը բարձրացանք, ամենագրաւիչ տեսքը ունէր մեր անուշիկ Արարատը: Երբ ապշած կը դիտէի այդ սքանչելի տեսարանը Արարատի ու շուրջի հայկական գիւղերուն, երբե՛ք չէի ուզեր այդ տեղէն հեռանալ: Հիացումով կը շարունակէի շուրջս դիտել, երբ հայ հովիւ մը տեսանք: Ան իր իշուկին ու երկու շնիկներուն հետ բլուր կը բարձրանար: Սկսանք զրուցելու հովիւներուն հետ. անոնք մեզի ըսին, թէ ամէն առտու այս բլուրը կու գային, որպէսզի արածեն իրենց ոչխարները. իսկական հովիւներ տեսնել ու անոնց հետ խօսիլը շատ հետաքրքրական էր: Երբ այս բարեսիրտ հովիւներուն ցտեսութիւն ըսինք, վերջին անգամուան համար դարձեալ Արարատին սեւեռեցի հայեացքս: Մեր Արարատը տեսնելը յո՛յս կու տայ ինծի՝ օր մը տեսնելու մեր ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ արդարութիւնը մեր միացեալ Հայաստանի ու Ղարաբաղի մէջ:
Խոր Վիրապէն ետք Ծիծեռնակաբերդ այցելեցինք: Երբ խումբով կը քալէինք, չէի գիտեր, թէ ի՛նչ զգացումներ պիտի ունենայի: Բոլոր աշակերտները նստան, եւ ուսուցիչ մը փոխանցեց մեր հոս ըլլալուն նպատակը: Աշակերտները առիթը ունեցան խօսք մը առնելու: Ես որոշեցի խօսիլ, որովհետեւ պարտաւոր կը զգայի խօսելու մեր նախահայրերուն համար. հազիւ առաջին նախադասութիւնը ըսի՝ սկսայ լալու… Այդ օրուան արցունքներս Ցեղասպանութեան նահատակներուն ու հազիւ ողջ մնացած նախահայրերուս համար էին, որոնց աչքերը տեսած են ու զգացած ջարդին ցաւը: Թէեւ այդ պահուն ցաւ կը զգայի, իմ ցաւս համեմատելի չէր իմ նախահայրերուս տանջանքին: Այս պահը շատ յիշատակելի էր ինծի համար, որովհետեւ ես հա՛յ կը զգայի ու շա՜տ հպարտ էի իմ հայ ըլլալուս համար: Ես հպարտ եմ, որ մեր հայ ժողովուրդը, 101 տարի ետք, դեռ կը պայքարի ու մի՛շտ պիտի կռուի մեր հայրենիքին համար, մինչեւ որ վերադարձնէ մեր Պատմական Հայաստանը:
Ամէն օր հպարտութեամբ ինքզինքս հայ կը կոչեմ եւ ուրախ եմ, որ հայերէն կը կարդամ ու կը խօսիմ, հայկական դպրոց կը յաճախեմ: Օր մը, կը փափաքիմ Մասիս սարը մագլցիլ ու հայկական դրօշակը Արարատին վրայ բարձրացնել՝ գիտնալով, որ այս հողը Հայաստանին կը պատկանի։
Մեր վերջին օրը Եռաբլուր հանդիպեցանք: Երբ կը քալէինք, հարիւրաւոր տապանաքարեր տեսայ ու սրտաբեկ եղայ: Այս տապանաքարերը ցոյց կու տային մեր նահատակ ֆետայիները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին մեր Ղարաբաղը պաշտպանելու համար: Երբ զոհուածներուն անունները կը կարդայի, յանկարծ տեսայ տասը-տասնմէկ տարեկաննոց երեք տղաք, որոնք մօտեցան տապանաքարի մը, ծաղիկներ դրին ու նստարանին վրայ նստան՝ գլուխները վար. անոնք շատ յուզուած վիճակի մէջ էին: Այս տեսնելով հասկցայ, որ այս տղոց կեանքը շա՜տ դժուար էր, մանաւանդ որ ունէին աւելի մեծ եղբայր մը, որ բանակին մէջ զոհուած է: Հարիւրաւոր տապանաքարեր տեսնելէն՝ աչքերս արցունքով լեցուեցան, որովհետեւ այս տասնվեց տարեկանէն քառասուն տարեկաննոց մարդիկը իրենց կեանքերը զոհեցին մեր հայրենիքին համար: Այս քաջութիւնն ու անվեհերութիւնը շա՜տ տպաւորիչ էին, ու այդ իսկ պատճառով շա՜տ շնորհակալ եմ մեր մարտիկներուն եւ ֆետայիներուն:
Թէեւ ես տասնչորս տարեկան աղջիկ մըն եմ, որ Ամերիկա կ՛ապրի, ես Հայաստան բնակողի մը նման զգացի… Երբ Հայաստան գտնուիմ, մի՛շտ կը զգամ, որ վերջապէս տո՛ւն հասած եմ, իմ մայրենի՛ տունս: Այս ճամբորդութենէն ետք, իմ հայրենիքս՝ Հայաստա՛նը, մի՛շտ սիրտիս մէջ պիտի մնայ:
Եզրակացնելով՝ ես շատ շնորհակալ եմ այս առիթը ունենալուս համար: Թող մենք իրարու միանանք, իրարու հետ կռուինք, իրարու հետ մի՛շտ պայքարինք՝ մեր մայրենի հողերուն համար:
Արենի Համբարեան 14 տարեկան է