ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, վկայակոչելով Պաքուի մէջ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն Հինգշաբթի, Ապրիլ 7ի հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝ կը հաղորդէ, որ նախարարները հաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ շրջանային տագնապները միջազգային իրաւունքի արժեչափերու հիման վրայ լուծելու գծով:
«Արտաքին գործոց նախարարները հաստատած են, որ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ ՄԱԿի կանոնադրութեան ու միջազգային իրաւունքի ընդունուած սկզբունքներուն: Այս ծիրին մէջ անոնք հաստատած են իրենց մտադրութիւնը շրջանային տագնապներուն լուծում ապահովելու հարցին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: