ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուցած է, որ պաշտպանութեան բանակին հետ թիկունքային ու ճարտարագիտական աշխատանքները համադրելու նպատակով ստեղծուած է գետնի վրայ ղեկավարման մարմինը կազմը, որ ունի դրամատնային հաշիւներ, որպէսզի փափաքողները գումարներ փոխանցեն այս աշխատանքին համար։ Այս քայլը առնուած է նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ մեծ թիւով հայրենակիցներ կ՛ուզեն օգտակար ըլլալ Արցախին։
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինին հրապարակած յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է այս մարմինին ստեղծման նպատակին. «Արցախի համար ստեղծուած այս ծանր իրավիճակում հազարաւոր հայրենակիցներ դիմում են Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեանը՝ յայտնելով իրենց աջակցութիւնն ու օգնութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը»:
Ղեկավարման մարմինը կը գլխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետը, անդամներն են՝ Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Լեւոն Գրիգորեան, տնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեան, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Սամուէլ Աւանեսեան, կառավարութեանն առընթեր արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Արթուր Յարութիւնեան, գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Բախշիյեան, Արցախի ներդրումային հիմնադրամի տնօրէն Արտակ Միրզոյեան:
Պարէնային ծառայութեան պատասխանատու նշանակուած է Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Բախշիյեանը (հեռ.՝ 097–25–09–09, 047-959066), իրային ծառայութեան ապահովման մասով՝ Արցախի ներդրումային հիմնադրամի տնօրէն Արտակ Միրզոյեանը (հեռ. 097–20–00– 28, 047 975577) :
«Արտակարգ իրավիճակներում սահմանամերձ եւ հրետակոծման տակ գտնուող բնակավայրերի քաղաքացիներին ժամանակաւոր տարհանման մասին ընդունուած որոշումների համաձայն՝ բնակչութեանը աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ սոցիալական որոշ խնդիրների լուծման նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան աշխատակազմում նշանակուած են պատասխանատուներ՝ կոնտակտային հետեւեալ տուեալներով՝ ԼՂՀ կառավարութեան աշխատակազմ, 1–ին յարկ, 109 աշխատասենեակ, հեռ.՝ 097–22–00–81, 097–22-44–44, 047–95–42– 30», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Փոխանցումները կարելի է ընել հետեւեալ դրամատնային հաշիւներուն միջոցով՝ հայաստանեան դրամով՝ «Արցախբանկ», Կիեւեան փողոց 3, Երեւան, Հայաստան SWIFT՝ ARTSAM22 հաշիւ՝ 22300612211100, ստացող՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարարութիւն, ամերիկեան տոլարով՝ «Արցախբանկ», Հայաստան SWIFT՝ ARTSAM22 հաշիւ՝ 22300110153200, ստացող՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարարութիւն:
«Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը երախտագիտութիւն է յայտնում բոլոր աջակցողներին՝ ստեղծուած այս դժուարին ժամանակահատուածում արցախցիներին սատարելու եւ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար», գրուած է յայտարարութեան աւարտին: