ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– «Արմենիա» օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքը պիտի կատարուի 21 Ապրիլին՝ դէպի Իսրայէլ։ Տոմսերը արդէն կը վաճառուին։ Այդ մասին կը տեղեկացնեն «Քաղաւիացիայի գլխաւոր վարչութեան» լրատուական ծառայութենէն:
9 Մարտին տեղի պիտի ունենայ «Արմենիա» ընկերութեան բաժնետէրեր Թամազ Կաիաշվիլիի, Ռոբերտ Յովհաննիսեանի եւ Աշոտ Թորոսեանի միացեալ մամլոյ ասուլիսը։ Ընկերութեան բաժնետէրերը պիտի ներկայացնեն յառաջիկայի ծրագիրները։
Թամազ Կաիաշվիլի նախապէս յայտարարած էր, որ ընկերութիւնը կը ծրագրէ իւրաքանչիւր անձի համար 49 տոլարով թռիչքներ կատարել Երեւանէն Եւրոպա, ԱՊՀ երկիրներ եւ կարգ մը ասիական պետութիւններ: